Հալէպի Մէջ Երկու Հայ Վիրաւորուած Է
Հալէպի մէջ փետրուար 26-ին եւ 27-ին երկու հայ վիրաւորուած է: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութենէն, բախումներու ժամանակ վիրաւորուած է Սարօ Մատարեան, իսկ դիպուկահարի գնդակէն վիրաւորուած է Ժաք Պաղջէճեանը:
Փետրուար 20-ին սուրիական Դարաա քաղաքի շրջակայքին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հայ երիտասարդ վիրաւորուած էր, որ Քունէյթրայի հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք մահացած էր: Երիտասարդը Սագօ Նազարէթ Շալաշն էր, որու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է փետրուար 22-ին Դամասկոսի Սբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրիոյ կառավարական ուժերու եւ զինուած ընդդիմադիրներու միջեւ եռամեայ հակամարտութեան ընթացքին զոհուած է աւելի քան 120 հազար մարդ, ներառեալ 70-է աւելի զոհուած հայերու թիւը:
armenpress.am