Արցախի Հադրութ Եւ Ֆրանսայի Վիէն Քաղաքներուն Միջեւ Ստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիր

Lեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ եւ Ֆրանսայի Վիէն քաղաքներուն միջեւ փետրուար 21-ին ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիէնի քաղաքապետարանին մէջ:

ԼՂՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Հադրութ քաղաքի անունէն հռչակագիրը ստորագրած է աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Վիէն քաղաքի անունէն` քաղաքապետ Ժաք Ռեմիլյէն:

Հռչակագիրը կ’ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը` ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելուն ու զարգացնելուն, եւ անընդունելի կը համարէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը: Այն նպատակ ունի զարգացնելու երկու քաղաքներու միջեւ բարեկամական կապերը եւ խրախուսելու համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի, մարզանքի եւ  շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:

2013 թ․ բարեկամական կապեր  հաստատուած են նաեւ ԼՂՀ Մարտունի եւ Ֆրանսայի Լե-պէն-Միրաբօ քաղաքներու միջեւ. տեղի ունեցած են փոխայցելութիւններ, կը քննարկուին քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղիներն ու ձեւերը:

 NEWS.am

Scroll Up