ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Մեկնարկած Են Թումանեանական Օրերը

Փետրուար 19-ին  Թումանեանական օրերու ծիրէն ներս Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցին մէջ իրականացուած է բեմականացուած ձեռնարկ` նուիրուած Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին եւ գիրք նուիրելու օրուան: Տօնական ձեռնարկին ներկայ էին եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան,  ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Անահիտ Մուրատեան, գրող Լիպարիտ Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս Լիւդուիգ Կարապետեանը:

Այնուհետեւ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին բեմականացուած հատուածներ Թումանեանի գործերէն: Երեխաները իրարու  գիրքեր նուիրեցին ու թումանեանական քառեակներ արտասանեցին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան տօնի առիթով դպրոցին գիրքեր, ձայներիզներ, տեսաերիզներ նուիրեց:

Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Մարինէ Քալաշեան: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` կրթօճախին ցուցաբերած ուշադրութեան համար:

Scroll Up