«Մայրը». Ներկայացում` Նուիրուած Արմէն Մազմանեանի Յիշատակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/g_image7.jpg)
Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկի Ուսումնական թատրոնին մէջ փետրուար 20-ին` ժամը 18:00-ին, տեղի կ’ունենայ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆէսոր Լալա Մնացականեանի բեմադրած Կ. Չապեկի «Մայրը ներկայացումը` նուիրուած Արմէն Մազմանեանի յիշատակին, այս մասին կը տեղեկացնեն ԵԹԿՊԻ մամլոյ ծառայութենէն:
Ներկայացման մուտքը ազատ է: Այն արդէն իսկ ցուցադրուած է ինչպէս տեղական, այնպէս ալ արտերկրի բեմերուն վրայ:
2012 թուականի սեպտեմբեր 7-14 ինկած ժամանակահատուածին «Մայրը» ներկայացումը մասնակցած է Պելառուսիոյ Պրեստ քաղաքին մէջ կայացած «Պելաեայ Վէժա-2012. Քլասիքա փլիւս» (”Белая вежа -2012. Классика PLUS”) 17-րդ միջազգային թատերական փառատօնին: Այն մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած է տեղի հանդիսատեսի կողմէ`արժանանալով «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:
Գլխաւոր դերով` ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Լալա Մնացականեան, դերերով` Արմէն Կարապետեան, լուսահոգի բեմադրիչ Արմէն Մազմանեանի արուեստանոցի (4-րդ դաս.) ուսանողներ Սամուէլ Թադեւոսեան, Վաչագան Երիցեան, Արսէն Ազիզեան, Սարգիս Բաղդասարեան, Աղուան Մնացականեան:
http://www.tert.am/