ՀՀ Զինուած Ուժերու Կազմաւորման 22-րդ Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն ՌԴ Մէջ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ

Օրերս ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի  ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 22-ամեակին: Ձեռնարկին մասնակցած են ՌԴ Զինուած ուժերու, պետական կառոյցներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ՌԴ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, ռուսաստանեան հասարակական, գիտական ոլորտի անուանի  գործիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեգ Եսայեանը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայոց բանակի կազմաւորման պատմութեան` ոգեկոչելով հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան անմահ հերոսներու յիշատակը:  ՌԴ մօտ ՀՀ դեսպանը նշած է, որ հայոց բանակի կազմաւորման օրը Անկախ Հայաստանի զինուորի խրոխտութեան, հայրենասիրութեան եւ միասնութեան ուժը խորհրդանշող համազգային տօն է: «Հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն անցել է բանակաշինութեան մեծ ճանապարհ եւ այսօր ունի մարտունակ ու ժամանակի շնչով վերազինուած բանակ, որը շարունակում է լինել մեր երկրի անվտանգ կեանքի երաշխաւորը», – ընդգծած է ՌԴ մօտ  ՀՀ դեսպանը:

Դեսպան Եսայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ ռազմական համագործակցութեան կարեւորութեան ու առանցքային հարցերուն:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս տեղի  ունեցած է ՀՀ ՊՆ յուշամետալներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Մոսկուայի թիւ 15 քաղաքային հիւանդանոցի «neurosurgical» բաժինի վարիչ Ս.Սարիբէկեան պարգեւատրուած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան` «Ռազմական համագործակցութիւն» մետալով, իսկ ՌԴ Զինուած ուժերու գնդապետ Ս.Պրիսեաժնին` ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 20-ամեակին նուիրուած «Յոբելեանական» մետալով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up