Հայաստան Մասնակցած Է Մինսկի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Փետրուար 4-7, «Գիրքի եւ հրատարակչական գործի կեդրոնի» տնօրէնի պաշտօնակատար Էդուարդ Միլիտօնեան մասնակցած է Մինսկի գիրքի միջազգային 21-րդ ցուցահանդէսին, որուն ներկայացուած են վերջին երկու տարուան ընթացքին տպագրուած աւելի քան հարիւր գիրքեր եւ ալպոմներ:

Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Պելառուսի «Զուեզդա» հրատարակչութեան տաղաւարին մէջ կայացած է հայ-պելառուսական «Սիրում եմ քեզ հայրենիք» ժողովածուի շնորհանդէսը: Էդուարդ Միլիտօնեան մասնակցած է նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան խնդիրներուն նուիրուած խորհրդակցութեան, իր ելոյթին մէջ առանձնացուցած է ժամանակակից հայ մանկապատանեկան գրականութեան խնդիրները, ներկայացուցած հայ մանկագիրներու ռուսերէն լեզուով հրատարակուած ստեղծագործութիւններու ժողովածուն:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս «Գիրքի եւ հրատարակչական գործի կեդրոնի» տնօրէնի պաշտօնակատարը մասնակցած է նաեւ ԱՊՀ երկիրներու ցուցահանդէսներու կազմակերպման վերաբերեալ խորհրդակցութեան, հանդիպած Մինսկի հայ համայնքի երիտասարդներուն, դպրոցականներուն հետ, ինչպէս նաեւ  հրատարակիչներու ու գրողներու հետ` քննարկած են գրական, հրատարակչական հարցեր:

Հայկական տաղաւարի աշխատանքներուն օժանդակած է Պելառուսիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը` դեսպան Ա. Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ:
Պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքերը նուիրուած են Պելառուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան գրադարանին:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:

Scroll Up