Երբ թուրքերը կը փորձեն հայկական հարցով նեղը դնել ֆրանսացի երեսփոխանը

Էլիզապէթ Քէրան, որ յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն Լիոնի մերձակայ Պրոն քաղաքի թեկնածու է, առցանց «Ռատիօ Մէյտ ին Թըրքի» ձայնասփիւռի «Փոլիթիքա» յայտագրին մասնակցած է: Յայտագրին միաժամանակ մասնակցած է նաեւ Ռոն-Ալփի Շրջանային Խորհուրդի նախագահ իր կողակիցը՝ Ժան-Ճէք Քէրան եւ Էլիզապէթ Քէրանի ցանկին մէջ գտնուող Ֆաթիհ Տէմիրայ:

Յայտագրի վերջաւորութեան մօտ՝ հաղորդավարը Ժան-Ճէք Քէրանի յղած է հարցում մը՝ Տէսինի Հայ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ ԱՍԱԼԱ-ի հինգ անդամի յիշատակին կախուած ցուցատախտակի մը եւ ամէն տարի Յուլիս 27-ին անոնց յիշատակի օր կազմակերպելու մասին:

Ժան-Ճէք Քէրան այս հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով. «Կարեւորն այն է, որ Ցեղասպանութենէն ետք Լիոն եկած Հայեր իրենց մշակոյթն ու յուշերը ապրեցնելու համար պէտք է ունենան կեդրոն մը: Ցուցատախտակ կախուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւն չունիմ: Վիճաբանական այսպիսի նիւթերը արգելք կ՚ըլլան, որ Թուրքիա յստակատեսութեամբ հակի այս նիւթին վրայ: Հայերը խոր ցաւ կը կրեն իրենց սրտին մէջ: Այս ցաւը հօրմէն զաւկին փոխանցուած ժառանգութիւն մըն է: Թուրքիա այս նիւթին մէջ դրական ուղղութեամբ յառաջխաղացք պէտք է արձանագրէ»:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up