100-ամեակին նախօրեակին Կիւլ կանդրադառնայ Թուրքիոյ ծրագիրներուն
Թուրքիոյ նախագահ Ա. Կիւլ դարձեալ խօսած է 2015-ի նախօրեակին Թուրքիոյ ծրագիրներուն մասին:
Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն ետք՝ Անգարայի օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ան կարեւոր նկատած է 2014-2015 թուականները:
«Միջազգային հարթակներուն վրայ Թուրքիա մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի: Երեք-չորս տարի առաջ մեր փայլուն անունով եւ որպէս բազմաթիւ բարեկամներ ունեցող երկիր, մենք կը կարծէինք, թէ այս դժուարութիւնները աւելի դիւրութեամբ պիտի յաղթահարենք: Այսօր միջազգային մեր վարկանիշէն մնացորդներ մնացած են, որովհետեւ մենք զբաղած ենք ներքին խնդիրներով, որոնք անկեղծօրէն առաւելագոյնի կը հասցնեն դժուարութիւնները», յայտարարած է Կիւլ աւելցնելով որ «ասկէ երեք-չորս տարի առաջ կառավարութեան կողմէ այս հարցին առընչութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են: Սակայն ամենէն կարեւորը այն է, որ մենք պէտք է հաւաքենք մենք մեզ, պէտք է վեր կանգնինք այդ նիւթերէն, զորս այսօր կը քննարկենք. մենք մեզի խնդիրներ պէտք չէ ստեղծենք»:
Թուրքիոյ նախագահը եզրակացուցած է. «Պէտք է աշխարհին յիշեցնենք Թուրքիոյ հետ ըլլալու գինը»:
«Նոր Յառաջ»