Թիէրա տէլ Ֆուէկօ նահանգը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արժանթինի Թիէրա տէլ Ֆուէկօ նահանգը, հետեւելով կեդրոնական կառավարութեան օրինակին, վաւերացուցած է բանաձեւ մը` պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ Ապրիլ 24-ը հռչակելով «Հանդուրժողութեան եւ ժողովուրդներու փոխադարձ յարգանքի օր»՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ամանտա տէլ Քորոյի ու Ֆապիօ Մարինելոյի կողմէ եւ կը վայելէր մարդկային իրաւանց հարցերու նահանգային կառավարման նախարարին աջակցութիւնը, միաձայնութեամբ վաւերացուած է:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Ալեհանտրօ Աւագեան ողջունած է այս քայլը` ըսելով, թէ այս ջանքերը մաս կը կազմեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պետական ու համալսարանական շրջանակներու օրակարգին վրայ պահելու եւ պատմական այդ իրողութիւնը անոնց ծանօթացնելու ուղղութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի շարունակական աշխատանքներուն:
«Նոր Յառաջ»