Հայաստանը Չինաստանի Համար Տնտեսական Լաւ Գործընկեր է. Թիէն Չանչուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/748613.jpg)
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նման համոզում յայտնած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանարպետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիէն Չանչուն, որուն գնահատմամբ` Հայաստանը Չինաստանի համար առաջին հերթին տնտեսական լաւ գործընկեր է:
«Մեր համագործակցութիւնը տնտեսութեան ոլորտին մէջ շարունակական է եւ ունի զարգացման լուրջ նախադրեալներ: Երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային խնդիրներէն մէկը տնտեսական կապերու զարգացումն է»,- նշեց դեսպանը: Անոր խօսքով` Չինաստանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը ֆինանսական եւ տեքնիքական աջակցութիւնն է:
Ատոր մասին կը վկայէ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Չինաստանի վարչապետ Լի Կեցեանի` 2013 թուականի սեպտեմբեր 10-ին Տալեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ստորագրուած` Հայաստանին լրացուցիչ 100 մլն եուանի աջակցութեան մասին համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման համաձայնագիրը, որ կը նախատեսէ ստեղծել տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողով, ինչ որ կարեւոր քայլ է տնտեսական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման գործին Թիէն Չանչունի համար համագործակցութեան լաւագոյն օրինակ է այն, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի համալսարաններու միջեւ կ’իրականացուին շարք մը կրթական փոխանակման ծրագիրներ: «Ամեն տարի հայ ուսանողները կը մեկնին Չինաստան, եւ մօտ 20 չինացի տարեկան Հայաստանի մէջ ուսում ստանալու հնարաւորութիւն ունին»,- ըսաւ դիւանագէտը: Անդրադառնալով մշակութային ոլորտին` ան նշեց, որ գնահատելի է այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ մշտապէս բարձր մակարդակով կը տօնուին չինական ազգային տօները, որու վառ ապացոյցն է նաեւ փետրուարի առաջին օրերուն նշուող չինական Նոր տարին:
Մշակոյթի ոլորտին մէջ միջպետական համագործակցութեան ծիրէն ներս Չինաստանի հաշմանդամներու խումբը առաջին անգամ իր շուրջ երեք տասնամեակի պատմութեան մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ: Հանրայայտ խումբի համերգները Երեւանի մէջ նախատեսուած են մարտի կէսերուն: Խումբին մէջ ներգրաւուած են սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող 110 անձիք: 2013 թուականի յուլիսին Հայաստանի եւ Չինստանի միջեւ բարեկամութիւնը իւրայատուկ ձեւով ամփոփուեցաւ նաեւ «Չինաստանը հայերու աչքերով» գիրքին մէջ, որ լոյս ընծայուած էր Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 21 ամեակի առիթով:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են տարբեր ոլորտներու 13 հայ անուանի գործիչներու պատմութիւններն ու տպաւորութիւնները Չինաստանի մասին:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական կայքի տեղեկատուութեամբ` երկու երկիրներու յարաբերութիւններու իրաւապայմանագրային հիմքը ամրապնդուած են մօտ 4 տասնեակ փաստաթուղթերով: 2012թ. Հայաստանէն Չինաստան արտահանուած է 31 միլիոն 200 հազար ԱՄՆ տոլարի արտադրանք եւ ներմուծուած 400 միլիոն 400 հազար տոլարի: Հայաստանի արտահանման կառուցուածքին առաջատար դեր կը խաղայ հանքանիւթի մատակարարումը: Ներմուծումը շատ աւելի բազմազան է եւ կը ներառէ ապրանքներու լայն տեսականի` ինչպէս նաեւ, հագուստեղէն, կօշկեղէն, մեքենաշինական եւ քիմիական արտադրանք, սարքաւորումներ, շինանիւթ, սննդամթերք եւ այլն:
http://armenpress.am/