Քալիֆորնիոյ Նահանգային Վեհաժողովը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դպրոցական Ծրագիրներուն Ներառելու Բանաձեւը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/Untitled8.jpg)
ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգային վեհաժողովը, չնայած թրքամէտ լոպիստական խումբերու ծանր ընդդիմութեան, յունուար 29-ին միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսուցումը Քալիֆորնիոյ դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն ներառելու մասին AB-659 բանաձեւը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ «Ասպարէզ» պարբերականէն, բանաձեւը այժմ քննարկման կը ներկայացուի նահանգային Սենատ, ապա կը վաւերացուի Քալիֆորնիոյ կառավարիչի ստորագրութեամբ:
AB-659 բանաձեւը կը նախատեսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսումնական նիւթեր ներառել Քալիֆորնիայի հասարակական դպրոցներու «Պատմութիւն» առարկայի ծրագիրներուն, ընդլայնել հայերու, Կամբոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններու, Հոլոքոստի մասին պատմող բանաւոր վկայութիւններու մատուցումը: Օրինագիծի հեղինակն է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի վեհաժողովի անդամ Ատրին Նազարեանը:
«AB 659-ի միաձայն ընդունմամբ հզօր հաղորդագրութիւն կ’ուղարկուի, որ հնարաւոր չէ գնել կամ ճնշել Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաները` հերքելու ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը: Հայ դատի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի յանձնախումբը կ’ողջունէ նահանգային վեհաժողովի անդամներ Նազարեանն ու Աչաջեանը ցեղասպանութեան մասին ուսուցման այս կարեւոր նախագիծը ղեկավարելու համար եւ անհաբերութեամբ կը սպասենք միասին աշխատելու անոնց հետ նահանգային Սենատին մէջ համանման աջակցութիւն եւս ձեռք բերելու համար»- նշած է Հայ դատի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլէն Ասատրեան:
«Պատմութիւնը կ’օգնէ, որ մեր աշակերնտերն աւելի լաւ հասկնան ցեղասպանութեան վերապրածներու կրած փորձութիւնները եւ դժբախտութիւնները:
«Առաջին ձեռք» վկայութիւններու միջոցով աշակերտները կը սորվին մարդկութեան դեմ իրականացուած անմարդկային արարքներու մասին եւ կ’երաշխաւորեն, որ յետագային
ցեղասպանութիւններ չիրագործուին»,- նշած է բանաձեւի հեղինակը` աւելցնելով, որ ատիկա առաւելութիւն կու տայ նահանգին` այդ գիտելիքները փոխանցելու եւ ապագայ սերունդներուն ուսուցանելու գործին:
Յունուար 23-ին կայացած լսումներու ժամանակ 16 կողմ, 0 դէմ ձայներով բանաձեւը միաձայն ընդունած էր ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի վեհաժողովի յատկացումներու ենթայանձնաժողովը: Իսկ յունուար 15-ի լսումներու ժամանակ Քալիֆորնիոյ վեհաժողովի կրթական հարցերով ենթայանձնաժողովը 7 կողմ, 0 դէմ ձայներով նոյնպէս ընդունած էր բանաձեւը, որուն համահեղինակներն են Քալիֆորնիա նահանգի վեհաժողովի անդամներ Խաչօ Աչաջեանն ու Սքոթ Ուիլքը:
http://armenpress.am/