ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Արմնիուզ» Հեռուստաընկերութեան Գործադիր Տնօրէն, Հեռուստալրագրող Արտակ Ալեքսանեանին Պարգեւատրեց Շնորհակալագիրով

Յունուար 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը հետեւողական եւ անաչառ ներկայացնելու համար «Արմնիուզ» հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն, հեռուստալրագրող Արտակ Ալեքսանեանին պարգեւատրեց Շնորհակալագիրով:
Իր խօսքին մէջ նախարարը նշեց, որ Արտակ Ալեքսանեանը այն անհատականութիւններէն է, որ մուտք գործեց հայ լրագրութեան եւ հեռուստատեսութեան ասպարէզ` իր հետ բերելով թարմ շունչ եւ մօտեցումներ:
Յայտնի լրագրող-հաղորդավարը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարարին` մշտապէս մետիա դաշտի կողքին ըլլալուն եւ լրագրողներու աշխատանքները խրախուսելուն համար: