Հայաստան Ընտրուած Է ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի, Բնակչութեան Հիմնադրամի Եւ Ծրագրային Ծառայութիւններու Գրասենեակի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/Karen-Nazarian.jpg)
Նիւ Եորքի մէջ այս օրերուն ընթացող ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ), Բնակչութեան հիմնադրամի եւ Ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի գործադիր խորհուրդի 2014թ. նստաշրջանի ընթացքին Հայաստան 3 տարիով` 2014-2016թթ, ընտրուած է գործադիր խորհուրդի անդամ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Ելոյթ ունենալով յունուար 27-ի նիստին` ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան` որպէս գործադիր խորհուրդի նորընտիր անդամ, յայտնեց Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին, Բնակչութեան հիմնադրամին եւ Ծրագիրներու իրականացման գրասենեակին նոր ռազմավարական ու համաշխարհային ծրագիրներու իրականացման հարցին, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` առաւել խթանելու այդ կառոյցներու հետ յաջողած գործընկերութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Անդրադառնալով միջնաժամկէտ ծրագիրներուն տեղ գտած առաջնահերթութիւնները` դեսպան Նազարեան մատնանշեց կայուն զարգացման նպատակներու, կլիմայի փոփոխութեան եւ աղէտներու վտանգներու ճշգրիտ գնահատման, արդիւնաւէտ հիմնարկներու եւ կանանց առաջխաղաղացման հարցերու կարեւորութիւնը, որոնք պիտի հանդիսանան 2015թ. ետք ինկած ժամանակահատուածին զարգացման օրակարգի բաղկացուցիչ մաս: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ յիշեալ ծրագիրներու մշակման գործընթացքին անդամ պետութիւններուն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն, հասարակական կառոյցներուն ներգրաւելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը:
Բարձր գնահատելով աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ՄԱԿ-ի լիազօրուած համակարգող հանդիսացող ՄԱԶԾ անփոխարինելի դերը` ՀՀ դեսպանը նշեց, որ այն Հայաստանի մէջ ներկայիս կ’իրականացնէ երկու տասնեակէ աւելի զարգացման զանազան ծրագիրներ, որոնք համահունչ են Հայաստանի առաջնայնութիւններուն ու զարգացման կարիքներուն:
Տեղեկանք. ՄԱԿ-ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկուն` ՄԱԶԾ հիմնական գործառոյթներէն են Գլխաւոր ժողովի կողմէ մշակուած քաղաքականութեան իրականցումը, ՄԱԿ-ի հիմնադրամներու ու ծրագիրներու գործունէութեան ուսումնասիրումը, անդամ պետութիւններու մէջ իրականացուող ծրագիրի հաստատումը, նոր ծրագրային նախաձեռնութիւններու խրախուսումը եւ այլն: Բաղկացած է 36 անդամներէ: