Դեսպան Ապիտոնեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շուէտի Թագաւորին

Յունուար 22-ին Շուէտի մօտ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Շուէտի թագաւոր Քառլ 16-րդ Կուստաւին: Թագաւորական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան յաջորդեց Քառլ 16-րդ Կուստաւի եւ դեսպան Ապիտնեանի առանձնազրոյցը:
Շնորհաւորելով դեսպան Ապիտոնեանին` Քառլ 16-րդ Կուստաւը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացման` առիթով համոզում յայտնելով, որ այն, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ Շուէտի դեսպանութեան բացումը մեծապէս կը նպաստեն երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը:
Դեսպան Ապիտոնեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ մեծ պատիւ է ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին լիազօր դեսպանը Շուէտի մէջ եւ ջանք չի խնայեր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ:
Երկուստեք համոզում յայտնեցին, որ առկայ են բոլոր նախադրեալները` երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի հասցնելու համար: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: