Թուրքիոյ Մէջ Վրաստանի Նախագահին Խնդրած Են Չաջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացքին

Պաշտօնական այցով Թուրքիոյ մէջ գտնուող Վրաստանի նախագահ Գէորգի Մարգելաշուիլի հետ հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքը խնդրած է չաջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման
գործընթացքին:

Թրքական Anadolu գործակալութեան փոխանցմամբ` Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքը Վրաստանի նախագահ Գէորգի Մարգելաշուիլի հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած հարցին:

«1915-ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած Հայաստանը եւ Սփիւռքը մօտեցող 2015-ին Թուրքիոյ դէմ կ’իրականացնեն սեւցնող քաղաքականութիւն: Մինչեւ
հիմա ձեր ցուցաբերած դիրքորոշումը այդ հարցով մեր հաւանութեան արժանացած է: Կը ցանկանք, որ այդպէս ալ շարունակէք:  Կը խնդրեմ, առիթ չտաք, որ մեր յարաբերութիւնները խաթարուին»,-ըսած է Ճեմիլ Չիչէքը:

NEWS.am

Scroll Up