Հայոց գանձերը յայտնաբերելու ուղեցոյց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/gold.jpg)
Թուրքիոյ մէջ Հայոց գանձերու որոնման մարզը այնքան զարգացած է, որ սկսած են Youtube-ի միջոցով գանձագողութեան դասեր տալ սկսնակներուն:
Թրքական «Թարաֆ» թերթը, որ հրապարակած է լուրը, կը գրէ, թէ գանձագողութեան այս յատուկ ուղեցոյց-տեսահոլովակներու դիտողներուն թիւը գերազանցած է 10 հազարը:
Անոնցմէ մէկուն մէջ, որ խորագրուած է «Հայուն տունը գաղտնի գանձարան է», հեղինակը կը պատմէ, թէ մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Հայերը իրենց թանկարժէք իրերը եւ զարդերը կը պահէին տան յատուկ պահոցներու մէջ կամ պարտէզներուն մէջ: “Ցեղասպանութենէն յետոյ որոշ Հայեր յաջողած են ետ գալ եւ իրենց գանձերը տանիլ կամ ալ Պատրիարքարան դիմած են եւ Պատրիարքարանի միջոցով իրենց թանկարժէք իրերը եւ զարդերը վերստացած են: Սակայն հակառակ ատոր, դեռ շատ մը Հայոց տուներ կան, ուր դեռ գանձերը մնացած են: Հայոց գանձերը գտնելու համար երբեք մի ապաւինիք քարտէսներու կամ նշաններու: Հայերը երբեք զանոնք քարտէսներու մէջ չեն նշած, ոչ ալ նշաններ դրած են: Հայոց գանձերը փնտռեցէք տուներուն եւ պարտէզներուն մէջ” կ՚ըսէ «վաստակաշատ հեղինակը»:
«Նոր Յառաջ»