ԱԳ Նախարարը Ընդունեց ԵՄ Յատուկ Ներկայացուցիչը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/17.-Minister-Nalbandian-received-EU-SR-21.01.2014-.jpg)
Յունուար 21-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց իր առաքելութիւնը աւարտող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:
Նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիլիփ Լեֆորին Հայաստան – Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման նպաստող երկուքուկէս ամեայ աշխատանքին համար եւ յաջողութիւններ մաղթեց անոր յետագայ գործունէութեան ընթացքին:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, անդրադարձան տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն եւ անոնց հանգուցալուծման նպատակով գործադրուող ջանքերուն:
Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն վրայ: Նախարարն ընդգծեց, որ չնայած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահ երկիրներու կողմէ բազմիցս հնչող հրադադարի ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին կոչերուն եւ յորդորներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Ատրպէյճանի ու Արցախի միջեւ շփման գիծին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի մշտական խախտումներուն զոհ կը դառնան ոչ միայն զինծառայողներ: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտեց, որ նման սադրանքներ կը խոչընդոտեն խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ համանախագահներու եւ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: