Առնուազն Երեք Որդիով Սեղան Նստինք
Հինաւուրց բարեմաղթանք կայ` «Եօթ որդիով սեղան նստիս…»: Հայու համար թանկ ու նուիրական է այս մաղթանքը, որովհետեւ դարեր շարունակ, իսկապէս, շատերը հէնց եօթը որդիով սեղան նստած են` գիտնալով, որ սուրբ թիւ է եօթը, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած աշխարհի օրերու թիւն է, արարչագործութեան թիւն է: Ուրեմն, եօթնապատիկ մաղթանքներով ու եօթը որդիով սեղան նստիլն ու օճախը շէնացնելը պատգամ ու պահանջ եղած է, աւերումներուն ու կոտործներուն հակառակ` գոյատեւման անհրաժեշտութիւն: Այս մաղթանքը չէ մոռցուած դարերու ընթացքին, իսկ 20-րդ դարուն, երբ փոխուեցան մարդոց պահանջներն ու պահանջմունքները, երբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ զարկ տրուեցաւ քաղաքներու ձեւաւորմանն ու քաղաքաշինական նոր խնդիրներու իրականացման, շատերը, երբեք սուտ ու սին չհամարելով այս պատգամը, այնուհանդերձ հպատակուեցան ժամանակի պահանջներուն: Խորհրդային Հայաստանի մէջ քիչ չէին տաս զաւակ ունեցող ընտանիքները, բայց շատ աւելի ընդունելի էր 4-5 երեխայ ունենալը, որովհետեւ ընկերային խնդիրները, բնակարանային պայմանները ոչ միշտ հնարաւորութիւն կու տային իրականացնել ցանկութիւնները, ականջալուր ըլլալ հնոց պատգամին: Սակայն բազմազաւակութիւնը, յատկապէս գիւղական բնակավայրերու մէջ, կը ծաղկէր կ’ապրէր, շարք մը գիւղեր ունէին տաս հազարէ աւելի բնակիչ, խորհրդային կառավարութիւնը կը պարգեւատրէր 5 եւ աւելի երեխայ ունեցողներուն, անոնց համար կը ստեղծէր առանձնակի պայմաններ, բազմազաւակ մայրերը շուտ կ’անցնէին կենսաթոշակի…
1920-էն ի վեր, երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ ունենալով 300 հազար զոհ, 1937-էն ետք կրելով զրկանքներ, քալելով աքսորի ճամփաներով, այնուհանդերձ, Հայաստանի մէջ բնակչութեան թիւը մօտեցաւ չորս միլիոնի: Հաշուարկներ կ’ըլլային, որ 2000 թուականին Հայաստանը պիտի ունենար հինգ միլիոն բնակիչ: Սակայն 1988-ի երկրաշարժը, անոր յաջորդող դժուարին տարիները, ղարաբաղեան ազատամարտը խոչընդոտ եղան ծնելիութեան, աստիճանաբար մարդիկ հրաժարեցան շատ երեխաներ ունենալու գաղափարէն եւ բաւարարուեցան 1-2 երեխայով, ինչ որ արդէն ազգային աղէտ է, ժառանգականութեան նուազման ու ազգի ծերացման յատկանիշ: Պատահական չէ, որ վիճակագրական տուեալներով հայերը կը համարուին աշխարհի ամենածերացող ժողովուրդներէն մէկը, իսկ առաւել սահմռկեցուցիչ կանխատեսումները կը յուշեն, թէ 20 տարիէն Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի կազմէ 500 հազար մարդ…
Բազմազաւակութիւնը խորթ չէր նաեւ Սփիւռքի մէջ եւ մերձաւոր արտասահմանին ապրող հայ ընտանիքներուն: Շատերը զաւակներ կ’ունենային` իւրովի կռիւ տալով անոնց հետ, որոնք 1915-ին կամեցան բնաջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը, որոնք կը սարսափէին հայերէն… Սակայն այսօր Սփիւռքի մէջ ալ հայկական ընտանիքները բաղկացած են մէկ-երկու երեխայէ` այսպէս Սփիւռքի մէջ եւս աստիճանաբար նուազեցնելով թիւը հայերու, կտրելով ընտանիքի սաղարթախիտ ծառերու թեւերը, բնական աճը դարձնելով ծանծաղ: Ալ չենք խօսիր այն մասին, որ շատերն ալ կը հրաժարին երեխայ ունենալէ` պատճառաբանելով ազատ ու անհոգ ապրելու գերագոյն ցանկութիւնը: Աղճատուող-աղաւաղուող Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մէկ կամ երկու երեխան ազգի մահն է, անոր չգոյութեան գրաւականը…
Ժամանակակից ժողովրդագիրները կը հաստատեն այն պարզ հաշուարկն ու մտայնութիւնը, որ երկու զաւակը ընտանիքի համար է, երրորդը` հայրենիքի… Որքան ալ զգացական, այնուամենայնիւ, այս բացատրութեան մէջ մեծագոյն ճշմարտութիւն կայ, քանզի ընտանիքին ճիւղաւորուիլ պէտք է, ազգը բազմացնել պէտք է: Ուրեմն, այսօր արդէն հրամայական կը դառնայ երեք որդիով սեղան նստելու պահանջը, որ կրնայ դառնալ նոր յորդոր:
Մեծերը կը հաւաստիացնեն` Աստուծոյ տուած երեխան կը մեծնայ, անոր համար միջոցներ կը գտնուին: Շատերը այսօր երկու կամ մէկ երեխայ ունենալու հանգամանքը կը բացատրեն ընկերային վիճակներով` «շատ երեխան հարուստ ընտանիքներու մենաշնորհն է» ըսելով: Անշուշտ, ամէն մէկ ծնող կը մտահոգուի, որպէսզի կարենայ բարւոք պայմաններ ստեղծել իր երեխաներուն համար, ապահովել անոնց կենցաղն ու կեանքը, կատարել բոլոր ցանկութիւնները, սակայն այսպէս մտածելով ոչ միայն կը ձեւաւորեն տխուր-անհետաքրքիր ընտանիքներ, այլեւ սեփական երեխաներուն կը զրկեն ուրախ մանկութենէ, մանկական ճռուողիւնով ապրելու երջանկութենէն:
Այն տունը տուն չէ, որ մանուկ չունի,
Ուր դեռ չի հնչել ծիծաղը մանկան,
Այն տունը, սիրտ իմ, որ մանուկ չունի,
Լեզուակը պոկուած զանգի է նման…,- գրած է հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ: Ան աշխարհէն հեռացաւ` ձգելով իր հարուստ գրականութիւնը, աշխարհասփիւռ հայութեան միաւորող իր բանաստեղծութիւնները, բայց գրական հարստութենէն զատ, ձգեց նաեւ իր ութ զաւակները: Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանն ալ սեղան կը նստէր իր տաս զաւակներուն հետ` փառաւորուելով ու հրճուելով…
Հիմա դարձեալ պիտի վերադառնանք նախնեաց պատգամներուն ու յորդորներուն, հիմա ազգովի պահանջ պիտի դարձնենք առնուազն երեք որդիով սեղան նստիլը:
Եթէ կ’ուզենք շարունակուիլ, եթէ կ’ուզենք չկորսնցնել մենք մեզ…
Լեւոն Մութաֆեան