Թեւածող Բարութիւնը Պարզապէս Ուրախ Օր Մը Պարգեւեց Դաժան Օրեր Ապրած Մանուկներուն (լուսանկարներ)

Նոր տարին դիմաւորելու այս տօնական օրերուն, ամենամեծ ուրախութիւնը՝ պատերազմի դոհուբոհով անցած Սուրիայէն եւ Ուքրանիայէն եկած ու Հայրենիքի մէջ ապաստան գտած երեխաներուն ուրախ օր պարգեւելն էր…
“100 յայտնիներ սուրիահայ 100 երեխաներու համար” պայմանական խորագիրը կրող այս ծրագիրը, առաջին օրէն իսկ ուղեկցուեցաւ բարութեամբ. Ծրագրի մասնակիցները մեծ սիրով ընդունեցին նուէր պատրաստելու առաջարկը՝ շատեր պատրաստակամութիւն յայտնեցին մէկ նուէրի տեղ մի քանի երեխայի համար նուէր պատրաստել, ոմանք խնդրեցին անձամբ հանդիպիլ երեխաներուն հետ, ոմանք ուզեցին երգել անոնց համար, իսկ Ճամպօ ճաշարանի սեփականատէր Արտիոմ Վարդանեանը որոշեց երեխաները հիւրընկալել իր յարկին տակ, եւ այսպէս թեւածող բարութիւնը ի կատար ածեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Հայերն Այսօր” ելեկտրոնական պարբերականի ծրագիրը…
Երգիչ երգչուհիներ, դերասաններ, հաղորդավարներ, մարզիկներ եւ ձեւաւորողներ մեծ սիրով փաթեթաւորուած նուէրներ պատրաստեցին 100 սուրիահայ եւ 18 ուքրանահայ երեխաներու համար… Իւրաքանչիւր նուէրի հետ բարութիւնը առաւել կը թեւածէր “Հայերն Այսօր”-ի գրասենեակէն ներս… Կարելի չէր չյուզուիլ՝ տեսնելով դերասան-հաղորդավար Արսէն Գրիգորեանի պատրաստած նուէրներու տոպրակն ու հոգածութեամբ գրուած բացիկները, որոնցմէ մէկով կ’առաջարկէր ընկերանալ իրմէ նուէր ստացող փոքրիկ Ճորճիկին հետ, կամ երգիչ-երգչուհիներ՝ Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ), Շուշան Պետրոսեանի, Նառայի, դերասան Դանիէլ Գրիգորեանի, երաժիշտ Արա Գէորգեանի, հաղորդավարուհի Տիաննա Գրիգորեանի, Արամէի, պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի, ձեւաւորող Լիլիթ Մարգարյանի բծախնդրութեամբ ընտրուած նուէրները… շարքը կարելի է երկարել անցնելով 60 թիւի սահմանը (բոլորի անունները կը նշենք ստորեւ)…
Բարութիւնը շարունակեց թեւածել, երբ facebook-ով կարճ զրոյցի ընթացքին, հեռաւոր Աւստրալիայէն մեր ծրագրի մասին իմացաւ Օփերայի յայտնի երգչուհի Արաքս Մանսուրեան, ապա անոր գործարար ամուսինը՝ Յակոբ Գույուճեան, որոնց յատկացուցած նուիրատւութեամբ մէկ տասնեակէ աւելի երեխաներ ունեցան իրենց նուէրները…
Դեկտեմբեր 23-ին Ճամպօ ճաշարանը ողողուած էր սիրով, յայտնիներէն ոմանք ժամանակ գտած էին իրենց նուէրները անձամբ յանձնելու. հաղորդավարներ Քրիստինէ Մելքոնեանն ու Էրիկ Անթառանեանը, երբ տեսան փոքրիկ Վանէսն ու Դրոն՝ կարծես անոնք հանդիպեցան երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած իրենց երեխաներուն հետ, Գրիգոր Աղախանեանն ու Կարէն Կիլիոյեանը տխրեցան՝ իմանալով, որ Շանթն ու Շիրազը ներկայ չեն եւ խնդրեցին հետագային անպայման հանդիպիլ՝ կարծես արդէն իրենց հոգածութեան տակ առած այդ փոքրիկներուն հետ, Զարուհի Պապայեանը խիստ զբաղած ըլլալով հանդերձ, երեխաներուն համար երգեց եւ չէր ուզեր հեռանալ սրահէն՝ թեւածող՝ բարի մթնոլորտը ձգող էր… Vitamin ակումբի տղաները՝ Կարիկն ու Վաչէն բարեսրտութեամբ եւ համեստօրէն անտեսեցին իրենց սպասող նկարահանումները եւ մնացին մինչեւ երեխաները ուրախացնելու հերթը հասնի իրենց, Կարիկը իր անձնական կիթառներէն մէկը նուիրեց վերջերս նոյն գործիքի դասընթացներու սկսած ուքրանահայ երեխային՝ խնդրելով, որ ան անպայման դառնայ լաւ երաժիշտ՝ թէկուզ դաշնակահար կամ ջութակահար՝ սակայն կիթառը խթան հանդիսանայ իր յաջողութիւններուն, հաղորդավար Հրաչ Մուրատեանը ուրախութիւն պարգեւեց ուքրանահայ 10 երեխաներու, երգչուհի Սիլվա Յակոբեանը փոքրիկ Արմանին ու Յովակիմին Արմանին նուէրներ պատրաստելէն բացի իր երգով ու բոլոր 118 երեխաներուն քաղցրեղէններ նուիրեց։
Փոքրիկ երգչուհիները՝ Տալիտան, Անժելինա Գասպարեանը, Պեթթին եւ Լիտուշիկը, իրենց երգերով ու նուէրներով ուրախութիւն պարգեւեցին իրենց սերնդակիցներուն։
Պատրաստուած ծրագիրը սիրով ներկայացուցին դերասանուհի Լուսինէ Յարութիւնեանն ու սուրիահայ Յարութ Տօնոյեանը։
Սուրիահայ երեխաներուն համար կաղանդ պապան միշտ Հայաստանէն կու գար, սակայն այս անգամ եղաւ հակառակը՝ կաղանդ պապայի կերպարը սիրով կատարեց Սուրիայէն հայրենադարձուած դերասան Յակոբ Ֆագճեանն էր, որ Պումպումիկի հեքիաթային հերոսներուն հետ երեխաներու ուրախութիւնը կրկնապատկեցին։
Ձեռնածուներ Արմէն Ատոնցն ու Մական իրենց ցուցադրութիւններով ապշեցուցին երեխաները, իսկ Ճամպոյի յայտնի Կապիկը Միմին զուարճանքի ամենայականշական կերպարն էր։
“100 յայտնիներ` սուրիահայ 100 երեխաներու համար” ծրագիրը նիւթական օգնութիւն ըլլալէն աւելի՝ բարութեամբ սնուած ուրախ օր մը պարգեւելու նախաձեռնութիւն էր, որուն յաջողութեան ապացոյցը վերջերս Սուրիայէն Հայաստան հասած մասնակից երեխաներէն մէկուն մօր վկայութիւնն էր “երեք տարի է մեր երեխաները զրկուած էին նման մթնոլորտէ, շատ շնորհակալ ենք ծրագիրը իրականացնողներէն”։
“Հայերն Այսօր-”ը իր հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծրագրի մասնակից բոլոր յայտնիներուն՝ Արաքս Մանսուրեանին, Յակոբ Գույուճեանին, Սիլվա Յակոբեանին, Զարուհի Պապայեան, Շուշան Պետրոսեանին, Արսէն Գրիգորեանին (Մրօ), Արսէն Գրիգորեանին (հաղորդավար), Նառային, Նունէ Եսայեանին, Արա Գէորգեանին, Արտիոմ Վարդանեանին, Կարէն Կիլոյեանին, Քրիստինէ Մելքոնեանին, Մուրատ Մալխասեանին, Գրիգոր Դանիէլեանին, Արմէն Պետրոսեանին (Մենչ), Նարինէ Սուլթանեանին, Քրիստինէ Պէպէլեանին, Արթուր Իսպիրեանին, Արտակ Հերիքեանին, Արամէին, Ինգա Արշակեանին, Անոյշ Արշակեանին, Արամոյին, Արմինկային, Գոհար Յարութիւնեանին, Ալլա Լեւոնեանին, Տիաննա Գրիգորեանին, Արտակ Ալեքսանեանին, Սոնա Շահկելտեանին, Լուիզա Ղամպարեանին, Այտա Սարգիսեանի, Արմինէ Պօղոսեանի, Արտաւազդ Ամիրեանին, Նուռին, Ներսիկ Իսպիրեանին, Իրինա Թովմասեանին, Լուսինէ Թովմասեանին, Տիգրան Պետրոսեանին, Վահագ Ռաշին, Գոհար Յովհաննէսեանին, Գոռ Պետրոսեան եւ Մերի Ներսիսեանին, Ժաննա Պութուլեանին, Անգելինա Գասպարեանին, Տալիթային, Պեթթիին, Առաքէլ Միրզոյեանին, Էմիլիա Պատուրեանին, Լիանա Մինասեանին, էրիկ Անթառանեանին, Գոհար Գասպարեանին, Տիանա Գրիգորեանին, Գայեանէ Ասլամազեանին, Լիլիթ Մարգարեանին, Գրիշա Աղախանեանին, Լուիզա Ներսիսեանին, Արտիոմ Մարկոսեանին, Լուսինէ Յարութիւնեանին, Յարութ Տօնոյեանին, Ժագին, Լուսինէ Պատալեանին, Ֆորշին, Հռիփսիմէ Ելինեանին, Գէորգ Շատոյեանին, Տիգրան Ներսիսեանին, Նելլի Խերանեանին, Նազիկ Աւտալեանին, Արթուր Աբրահամեանին, Յակոբ Ֆագճեանին, Արուսիկին (DJ Վաքսինա), Արմէն Ատոնցին, Մակային, Սիմա Պաղտասարեանին, “Ծաղկազարդ” խումբին, Կարիկ Սարիբեկեանին, Աւետ Բարսեղեանին, Ռուբէն Սասունցիին, Մաշա Մնճոյեանին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց նպաստը բերին այս ծրագրի յաջողութեան։