Տեղի Կ’ունենայ «Կամուրջ»-ի Շնորհանդէսը

2013 թուականը լուրջ իրադարձութիւն գրանցեց վիրահայ գրական կեանքէն ներս. լոյս տեսաւ «Կամուրջ» գրական-մշակութային հանդէսի հերթական գիրքը` այսպէս հաստատելով այն փաստը, որ մօտ հարիւր տարուան կենսագրութիւն ունեցող տարեցոյցը օրէօր նոր կեանք կը ստանայ, կ’աւելնան բաժինները, խորագիրները, հեղինակները:
«Կամուրջ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ հանդէսի պատասխանատու Անահիտ Բոստանջեան Թիֆլիսէն մեզի տեղեկացուց, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ լոյս տեսած տարեցոյցի շնորհանդէսը տեղի կ’ունենայ յունուար 18-ին, «Հայարտան» հանդիսութիւններու սրահին մէջ, ուր ներածական խօսքով հանդէս կու գայ «Հայարտան» մշակութային ձեռնարկներու պատասխանատու Լեւոն Չիդիլեան: Անահիտ Բոստանջեան լիայոյս է, որ վիրահայ գրական հանրութիւնը եւ ընթերցողները սիրով կ’արձագանքեն այս ձեռնարկի հրաւէրին: