Թուրք Լրագրողները Կը Յարգեն Հրանդ Տինքի Յիշատակը

«Թուրքիոյ լրագրողներու հանրութիւնը» յունուար 20-ին պիտի ոգեկոչէ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը, ըստ Star թերթին:
Յիշատակի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մասնագիտութեան մէջ հետք թողածները» խորագիրով համաժողովի ծիրէն ներս:
Ձեռնարկին հրաւիրուած են «Ակօս»-ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշը, պարբերականի սիւնակագիր Կարին Քարաքաշը, T24 կայքի սիւնակագիր Այտըն Էնգինը:
Հրանդ Տինքը ծնած է 1954թ.-ի սեպտեմբեր 15-ին` Մալաթիա: Կրթութիւնը ստացած Սթամպուլի մէջ, մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած 1990-ականներուն` հայալեզու «Մարմարա» թերթին մէջ:
Այնուհետ ստեղծած է թուրքերէնով եւ հայերէնով լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Իր համարձակ յօդուածներու պատճառով յաճախ ձերբակալուած է, անոր դէմ բազմաթիւ դատական գործեր յարուցուած են:
Սպաննուած է 2007թ.-ի յունուար 19-ին` Սթամպուլի մէջ իր հիմնադրած խմբագրատան մօտ: