Տարին Չէքիջեանական Պիտի Ըլլայ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/734186_386697558080431_548015790_n.jpg)
Հայկական երգչախմբային արուեստի խորհրդանիշ դարձած Յովհաննէս Չէքիջեանը արդէն 53 տարի կը ղեկավարէ Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբը: Երգչախմբային արուեստի 85-ամեայ նուիրեալը կէս դարէ աւելի երգի նկատմամբ սէր կը սերմանէ հայ եւ օտարազգի ունկնդիրներու սրտերուն մէջ: Մայեսթրոյի գործընկերները մշտապէս հիացմունքով եւ մեծ սիրով կը խօսին Չէքիջեան երեւոյթի մասին` խստապահանջ, աշխատասէր, սկզբունքային: Երբ կ’ըսեն Չէքիջեան, կը հասկնան ակադեմական երգչախումբ, եւ ընդհակառակը: Մարդ, առանց որուն դժուար է պատկերացնել հայկական երգչախմբային արուեստի զարգացումը, որուն ջանքերուն եւ մեծ ներդրման շնորհիւ Հայաստանի ակադեմական երգչախումբը փայլեցաւ աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ` հեղինակաւոր բեմերու վրայ մշտապէս բարձր պահելով հայկական երաժշտութեան մակարդակը եւ անունը: 2014-ը չէքիջեանական պիտի ըլլայ. մեր երկրին մէջ կը շարունակուի նշուիլ մայեսթրոյի 58-ամեայ յոբելեանը: ձեռնարկներու, երգչախումբի յաջողութիւններու եւ երաժշտութեան նկատմամբ սիրոյ մասին, նաեւ ծննդեան օրերու խառնաշփոթի մասին Յովհաննէս Չէքիջեան կը պատմէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին:
-Մայեսթրօ, «Արմէնփրէս»-ի խմբագրակազմի անունէն եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորենք ձեզ ձեր յոբելեանի առիթով: Կը մաղթենք ձեզ առողջութիւն եւ ստեղծագործական երկար տարիներ: Ինչպէս կը զգաք ձեզ նուիրուած յոբելեանական ձեռնարկներէն վերջ: Գոհ էք արդեօք կատարուած աշխատանքէ՞ն:
-Շատ գոհ եմ, որովհետեւ ուրախ անցուցինք: Կարծես թէ այսպէս պէտք է շարունակուի, եւ ուրախ տարի պէտք է ըլլայ: Յամենայն դէպս, սպասելիքները շատ են:
-Այս տարի մեր երկրին մէջ պիտի շարունակեն տօնել Ձեր յոբելեանը: Ին՞չ ձեռնարկներ սպասենք 2014-ին:
-2014 թուականին թէժ օրեր կը սպասուին, որովհետեւ ամբողջ տարին նուիրուած է Չէքիջեանին: Բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Յունուար 23-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ այդ ձեռնարկներու մեկնարկը: Յունուար 23-ին աւանդաբար կը տօնուի որպէս իմ ծննդեան օր, բայց իրականութեան մէջ ես ծնած եմ դեկտեմբեր 23-ին: Պարզապէս իմ անձնագրիս մէջ գրուած է «Յունուար 23», եւ այն աւանդաբար կը համարուի ծննդեանս օրը: 2014-ին Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ պիտի իրականացուի յոբելեանական համերգ, ինչպէս նաեւ գիտական նստաշրջան` ակադեմիոյ մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ցանկացաւ, որ յոբելեանի հիմնական ձեռնարկը իրականացուի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, որ, ցաւօք, այս ժամանակաշրջանին դժուար է տաքցնել: Այդ պատճառով գլխաւոր ձեռնարկը յետաձգուեցաւ օգոստոս 1-ին:
-Մայեսթրօ, ինչ-որ շփոթմու՞նք տեղի ունեցած է, որ Ձեր անձնագրին մէջ ծննդեան օրը գրուած է յունուար 23:
-Շփոթմունք չէ եղած: Քանի որ ծնած եմ Ամանորէն մի քանի օր առաջ, ծնողներս մտածած են` ինչպէս ընել, որ ես այս մէկ շաբթուան ընթացքին մեծ չերեւամ (ծիծաղելով ): Ատոր համար այնպէս դասաւորած են, որ ըլլայ յունուար 23: Միակ գաղտնիքը ատիկա է:
-Նախորդ տարի Դուք ձեր ծննդեան օրը անցուցիք բեմի վրայ` ղեկավարելով Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի եւ պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի համերգը: Ծննդեան օրը բեմի վրայ նշելուն ի՞նչ կը զգայիք:
-Շատ դրական զգացումներ ունէի: Կարեւորը ունկնդիրն է, ունկնդրի կարծիքը:
-2013-ին ակադեմական երգչախումբը ի՞նչ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցաւ:
-Անցեալ տարուան մեր ամենակարեւոր ձեռքբերումը յուլիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հիւրախաղերն էին: Փեթերսպուրկը մեզի համար շատ հարազատ քաղաք է, որովհետեւ մենք այնտեղ արդէն 96-րդ համերգը կ’ունենայինք: Բացի շրջագայութիւններէն, նախապատրաստական աշխատանքներով զբաղած էի: Սերգէյ Առաքէլեանը իմ մասին գիրք կը գրէ: Պատկերացուցէք, արդէն 53 տարի կը ղեկավարեմ այս խումբը, եւ այժմ կը վերանայիմ բոլոր արխիւները, ծաղկաքաղ կ’ընեմ, որպէսզի նիւթեր տրամադրեմ գիրքին համար: Յուսամ` կենդանութեանս օրօք կը տեսնեմ այն:
-Այս տարի երգչախումբը համերգային շրջագայութիւններու կը մեկնի՞:
-Երկու շրջագայութիւն նախատեսուած է` դէպի Լոնտոն եւ Պոլիս: Լոնտոն պէտք է երթանք եւ ելոյթ ունենանք «Ալպերթ հոլ»-ին մէջ, կատարենք Պերլիոզի «ռեքուիեմ»-ը: Տեսնենք` ինչպէս կը ստացուի:
-2014 թուականը Կոմիտասի տարին պիտի ըլլայ: Երգչախումբը առանձնայատուկ ձեւով պիտի նշէ՞ Կոմիտասի 145-ամեակը:
-Մեզի համար բոլոր տարիներն ալ Կոմիտասի տարիներ են: Յոյս ունիմ, որ գոնէ այս տարի կ’աւարտեն Կոմիտասի թանգարանի ստեղծման աշխատանքները: Ուրախ կ’ըլլամ, եթէ տեսնեմ այն: Ամօթ է, որ աշխատանքը ձգձգուեցաւ: Իսկ մեր երգչախումբը շրջագայութիւններու ժամանակ յաճախ Կոմիտաս կը կատարէ:
-Մայեսթրօ, ինչպէ՞ս սիրեցիք երաժշտութիւնը, ինչպէ՞ս ամէն ինչ սկսաւ:
-Հայրս Կոմիտասի սաներէն էր, անոր երգչախումբի կրտսեր անդամներէն մէկը: Մայրս դաշնամուր կը նուագէր: Մեր տան մէջ կը հաւաքուէին Կոմիտասի սաները, կ’երգէին: Փոքր հասակէս կը լսէի անոնց: Հայրս դէմ էր, որ երաժշտութեամբ զբաղէի, չէր ուզեր անյաջողութիւններու բախուէի, ինչպէս շատ երաժիշտներ: Կը ցանկար, որ կաշուեգործութեամբ զբաղէի: Ես հակառակեցայ: Նեղացաւ ինձմէ, նոյնիսկ յետագային չհամոզուեցաւ:
– Ին՞չ կարծիք ունիք երաժիշտներու, երգիչներու, խմբավարներու երիտասարդ սերունդի մասին: Այսօր լաւ սերունդ ունի՞նք արդեօք:
-Շատ ուրախալի է այն, որ երաժշտանոցի մեր ուսանողները կ’երթան Եւրոպա, կը մասնակցին միջազգային մրցոյթներու, կը յաղթեմ եւ կը վերադառնան: Ցաւալի է, որ քիչ են, բայց կան դասական արուեստով զբաղողներ: Բայց բան մը կ’անհանգստացնէ` Նարեկացի եւ կոմիտաս ունեցող ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ ռապիս լսել: Քիչ մը սխալ է: Յոյս ունիմ, որ ժողովուրդը ինքն իրեն կը սրբագրէ եւ կը ձերբազատուի նման երաժշտութենէ:
Անուանի խմբավար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ, ՀԽՍՀ եւ ԽՍՀՄ պետական մրցանակներու դափնեկիր, Մ. Խորենացիի մետալակիր Յովհաննէս Չէքիջեան ծնած է Սթամպուլ, աւարտած տեղի երաժշտանոցը: Կատարելագործուելով Փարիզի «Էքոլ նորմալ դը միւզիք»-ի մէջ, աւարտած է նաեւ Սթամպուլի երաժշտանոցի բարձրագոյն բաժինը: Իր ստեղծագործական ուղին Չէքիջեան սկսած է Սթամպուլէն` ղեկավարելով տեղի սիմֆոնիկ նուագախումբը, եղած է օփերայի թատրոնի երաժշտական ղեկավարը եւ պետական երգչախումբի գլխաւոր խմբավարը: Սթամպուլի մէջ 1957 թուականին նաեւ հիմնած է «Չէքիջեան» հայկական երգչախումբը: 1961 թուականէն տեղափոխուելով Խորհրդային Հայաստան` Չէքիջեան ստանձնած է Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ գլխաւոր խմբավարի պաշտօնը` աշխարհին ներկայացնելով հայ երգի անկրկնելի ուժն ու հմայքը: Անուանի մայեսթրոն որոշ ժամանակ ղեկավարած եւ տնօրինած է նաեւ Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը:
1975 թուականէն փրոֆէսոր Հ. Չէքիջեան կը դասախօսէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ` իր հարուստ գիտելիքները փոխանցելով երիտասարդ սերունդին: Անուանի խմբավարը համերգային շրջագայութիւններով հանդէս եկած է ԽՍՀՄ բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ, արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ: Չէքիջեան հեղինակ է նաեւ շարք մը վոկալ-սիմֆոնիկ ստեղծագործութիւններու:
Հարցազրոյցը` Ռոզա Գրիգորեանի
Լուսանկարները` Ֆելիքս Առուստամեանի