«Հայէկոնոմբանկը» Ամանորեայ Անակնկալ Մատուցած Է Սուրիահայերուն
«Հայէկոնոմբանկը», հաշուի առնելով սուրիահայութեան առջեւ ծառացած սոցիալական խնդիրները եւ դժուարութիւնները, իր Pro Bono քարտի ծիրէն ներս անակնկալ մատուցած է անոնց, ըսուած է դրամատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Սուրիահայ 21 ընտանիքներու տրամադրուած են ամանորեայ նուէրներ` անոնց անվճար տրուած քարտերու հաշիւներուն փոխանցելով 100-հազարական դրամ: Դրամատունը ձեռնարկին ընթացքին ընդունած է սուրիահայ մասնագէտներու
ինքնակենսագրականները` անոնց յետագային աշխատանք առաջարկելու նպատակով:
Դրամատան աշխատակիցները մասնակցած են նաեւ «Սուրիահայերու աջակցման խումբի» հանդիպման, ուր քննարկուած են սուրիահայերու կողմէ բարձրացուած խնդիրներու լուծման ուղիները եւ հնարաւորութիւնները:
2013թ. դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ «Հայէկոնոմբանկի» ընդհանուր դրամագլուխը կը կազմէր մօտ 11 մլրդ դրամ, ընդհանուր գործունէութիւնը` աւելի քան 76,3 մլրդ դրամ, վարկային ներդրումները` աւելի քան 40,6 մլրդ դրամ, անհատական աւանդները` աւելի քան 18,7 մլրդ դրամ, շահոյթը` մօտ 697 մլն դրամ: Բանկն ունի 40 մասնաճիւղ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ:
civilnet.am