Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրիահայերու Ֆէյսպուքեան Խումբերու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում-Քննարկումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/703857.jpg)
Յունուար 13-ին, ժ.17:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրիահայ Ֆէյսպուքեան խումբերու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում-քննարկում «Սուրիահայութեան տագնապը լուսարձակի տակ» թեմայով (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, «էրեբունի» սրահ):
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի քննարկուին ԶԼՄ-ներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ սուրիահայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութեան տարածման վերաբերող հարցերը եւ պիտի ներկայացուին սուրիահայութեան հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած աջակցութեան ծրագիրները:
Քննարկման պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: