Ղարաբաղեան Խնդիրի Նոր Զարգացումներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/1113.jpg)
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած է ամերիկեան մամուլը, Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանին մէջ Լոս Անճելըսէն ընտրուած դեմոկրատ պատգամաւոր, նահանգային խորհրդարանի յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահ Մայք Գաթոն օրինագիծ ներկայացուցած է, որ կը ճանչնայ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ’ընէ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս ինքնիշխան պետութիւն: AJR 32 օրինագիծը, ըստ էութեան, կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը` կապուած «ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան» ժողովուրդի իրաւունքին հետ: Երեք հայկական կազմակերպութիւն` Ամերիկայի հայկական խորհուրդը, Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը եւ Միաւորուած երիտասարդ հայերն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նախագիծին: Մայք Գաթոն յայտնած է, որ օրինագիծի մշակման ժամանակ աշխատած է հայ համայնքի եւ անոր ակնառու ներկայացուցիչներուն հետ, ապա աւելցուցած է․ – «Ես յատկապէս պատիւ ունիմ ներկայացնել այս օրէնսդրութիւնը այն օրը, երբ աշխարհի հայերը իրենց ընտանիքներուն եւ սիրելիներուն հետ կը տօնեն Սուրբ Ծնունդը»:
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի երկու պալատի կողմէ ընդունուելու պարագային օրինագիծի պատճէնը կը փոխանցուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի քարտուղարութիւններուն, ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ Քալիֆորնիոյ պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն: Այս նախաձեռնութիւնը չափազանց հետաքրքիր կը դառնայ հիմա, երբ համանախագահողները կը հաւաստիացնեն այն մասին, թէ 2014 թուականը շրջադարձային պիտի ըլլայ Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման հարցին, իսկ շատերն ալ անհանգստութիւն կը յայտնեն այն մասին, որ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու պարագային Ղարաբաղի հարցը կը յայտնուի անորոշ վիճակի մէջ… Յատկապէս որոշ ռուս վերլուծաբաններ չարագուշակ կանխատեսումներ կ’ընեն, թէ հնարաւոր է, որ Ղարաբաղը վերադարձուի Ատրպէյճանին, մանաւանդ որ նման մեծ շահագրգռութիւններ ունին շարք մը մուսուլմանական երկիրներ… Սակայն Քալիֆորնիոյ խորհրդարան ներկայացուած օրինագիծը նոր շտկումներ կը մտցնէ ձեւաւորուած մօտեցումներու ճանապարհին եւ, ընդունուելու պարագային, կրնայ հզօր ազդակ հանդիսանալ Ղարաբաղի ինքնիշխանութեան ճանաչման ճանապարհին:
Այստեղ կայ ուշագրաւ հանգամանք մը. ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներէն մէկուն` ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի կողմէ ԼՂՀ ճանաչումը կրնայ փոխել այդ երկրի դիրքորոշումը բանակցային գործընթացներուն եւ պարտադիր պայման դառնալ նոր հայեցակարգերու, մասնաւորաբար մատրիտեան սկզբունքներու վերանայման համար: Այսօր արդէն շարք մը հայկական լոբիստական կազմակերպութիւններ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւորի օրինակին հետեւին այլ նահանգներու խորհրդարաններու պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ շարժումը տարածուի Ֆրանսայի մէջ, քանզի Ֆրանսան եւս կը հանդիսանայ համանախագահող երկիր…
Հետեւաբար, իսկապէ´ս 2014 թուականը կրնայ դառնալ բեկումնային, եթէ վճռական տրամադրութեամբ գործեն բոլոր կազմակերպութիւնները եւ միաւորեն իրենց ջանքերը…
Լ.Մ.