Արթուր Ալեքսանեանը Խոր Վիրապի Մէջ Վառեց Համահայկական 7-րդ Խաղերու Երկրորդ Ջահը
31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը, Խոր Վիրապի մէջ` Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն՝ վառած է Համահայկական խաղերու ջահը: Այս մասին տեղեկացուցած է խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն։
Այս անգամ, Համահայկական խաղերուն, նախատեսուած է վառել խորհրդանշական երեք ջահ:
Մէկը օրերս վառած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Մուսա Լերան ստորոտին, երկրորդը` Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը, քանի մը օրէն, պիտի վառի Արցախի մէջ՝ Տիգրանակերտ:
Օգոստոս 6-ին, Համահայկական 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման օրը, անոնք պիտի միանան Ստեփանակերտի մէջ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն- Արցախ- Սփիւռք ամբողջութիւնը:
Համահայկական եօթներորդ խաղերը պիտի իրականացուին Օգոստոս 5-17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: