Նիկոլ Փաշինեան Եւ Աննա Յակոբեան Ներկայ Գտնուած Են «Ասիական Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութիւն» Համաժողովի Կալա Համերգին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Փեքինի Ազգային ողիմպիական մարզադաշտին մէջ ներկայ գտնուած են «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի կալա համերգին: Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինը, Սինկափուրի, Սրի Լանքայի, Յունաստանի նախագահները եւ Գամպոտիայի թագաւորը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինը եւ ջերմօրէն ողջունած ներկաներուն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն, կալա համերգի ընթացքին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակից քանի մը տասնեակ պետութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկած են կատարումներով` ներկայացնելով իրենց ազգային մշակոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթը:
«Ասիական քաղաքակրութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակիցներու թիւը կ՛անցնի 2 հազարը` աշխարհի 47 երկրէ: Համաժողովին նպատակն է ամրապնդել Ասիական տարածաշրջանի պետութիւններու կապերը, ներառեալ` տնտեսական, խորացնել համագործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով: