Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակութային Շաբթուան

«Գանձասար»- Հովանաւորութեամբ Հալէպի Համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, Հալէպի Համալսարանի Ուսանողական Ընկերակցութիւնը, գործակցութեամբ Հայ Երիտասարդաց Մշակութային Միութեան, Երեքշաբթի, 14 Մայիսին բացումը կատարուեցաւ Հայկական Մշակութային Շաբթուան՝ «ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով, Բժշկական համալսարանի «Ռազի» ցուցասրահին մէջ։

Բացման ներկայ էին Հալէպի Համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտը, Հալէպի պետական համալսարանի նախագահ Մուսթաֆա Աֆիւնի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Գնդապետ Արկատի Տոնոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հալէպի Համալսարանի Ուսանողական Ընկերակցութեան տնօրէնը, դասատուներ եւ ուսանողներ։

Բացման արարողութենէն ետք խօսք առին դոկտ. Իպրահիմ Հատիտին եւ Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան,ապա ներկաները ուղղուեցան ցուցահանդէսի տաղաւարներ։

Scroll Up