Հայկական Մշակութային Շաբաթ՝ Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս

ովանաւորութեամբ Հալէպի Համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, Հալէպի Համալսարանի Ուսանողական Ընկերակցութիւնը, գործակցութեամբ Հայ Երիտասարդաց Մշակութային Միութեան, կը կազմակերպէ Հայկական Մշակութային Շաբաթ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Տեղի կ՚ունենայ Հալէպի Համալսարանին մէջ 14, 15, 16 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-4:00ին։

Երեքշաբթի, 14 Մայիս

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝
«ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ»,
14-15-16 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11:00-4:00, Բժշկական համալսարանի «Ռազի» ցուցասրահին մէջ։ Բացումը՝ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11:00- ին։

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս

ԵԼՈՅԹ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲՆ ՈՒ «ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ,
Տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ։

Հինգշաբթի, 16 Մայիս

ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ «ՍՊԻՏԱԿ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ, ՄԵՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳՈՂՆԵՐ ՀԱՄԲԻԿԻ ԵՒ ՎԱՀԷԻ։
Տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ։

Scroll Up