«Հայ Գաղթականները Յունաստանի Մէջ՝ 1922-1940» Բնաբանով Լուսանկարչական Ցուցահանդէսին Բացումը
Յունալեզու «Արմենիքա» եռամսեայ պարբերաթերթի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան մշակութային հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի՝ 6 Մայիս 2019ի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի արդի ցուցադրութեանց թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ կը ներկայացնէ յունահայ գաղութի առաջին տարիներու պատմութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։
Հազուագիւտ լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյի մը ցուցադրութեան ընդմէջէն, այցելուին առջեւ կը բացուին յունահայ գաղութի կազմութեան առաջին տարիները եւ, յատկապէս, 1922ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան ապաստանած հայութեան հոծ զանգուածներու տեղաւորման եւ նոր կեանքի ստեղծման պայմանները։
Այսպէս, կարեւոր տեղ գտած են լուսանկարներ Յունաստանի զանազան քաղաքներու եւ կղզիներու մէջ գործած որբանոցներէն, որոնք պատսպարեցին հազարաւոր հայ որբեր։ Նաեւ՝ ցուցադրուած են լուսանկարներ Աթէնքի եւ այլ շրջաններու մէջ հիմնուած հայկական վարժարաններու կեանքէն, որոնք հայեցի կրթութիւն ջամբեցին հայրենազուրկ սերունդներուն։
Ցուցադրութեան կարեւոր բաժին մը ցոյց կու տայ երկու գլխաւոր գաղթակայաններու՝ Տուրղութիի եւ Գոքինիոյ շրջաններու նկարներ, վրաններու եւ խրճիթներու տակ ապրող գաղթականներու թշուառ կեանքի պայմանները եւ գոյատեւման փորձերը։ Նոյնանման լուսանկարներ կը ցուցադրուին նաեւ Յունաստանի մէջ տարբեր գաղթակայաններու կեանքէն։
Ցուցադրուող լուսանկարներու նիւթերը կ՚երկարին մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի նախօրեակը՝ ցոյց տալով յունահայերու կեանքի հետզհետէ զարգացումը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն 1932ին դէպի Հայաստան ներգաղթի տեսարաններ՝ նաւահանգիստներու մէջ եւ նաւերու վրայ տեղաւորուած գաղթականութեամբ։
Ելեկտրոնային յատուկ պաստառներու վրայ կը ցուցադրուի յունահայ գաղութի առաջին տարիներու մամուլի պատմութիւնը՝ օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու հարուստ ներկայութեամբ։ Նաեւ՝ կը ցուցադրուին նկարներ ակումբներու մէջ զանազան ելոյթներէ եւ հաւաքներէ։
Ցուցահանդէսի բացման երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Ազատ Օր» օրաթերթի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայ եւ յոյն բազմութիւն մը ու «Արմենիքա» պարբերաթերթի ընթերցողներ։ Բացումը կատարեց տիկ. Վերժին Կարապետեան, որ բարի գալուստի խօսքերէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետին եւ մշակութային հաստատութեան՝ ելոյթի կազմակերպման աջակցութեան համար, ապա մանրամասնօրէն ներկայացուց լուսանկարչական ցուցահանդէսին նիւթերը ու նշեց լուսանկարներու աղբիւրները՝ «Արմենիքա»յի, «Ազատ Օր»ի, յունահայ միութիւններու եւ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ անձնական եւ ընտանեկան հարուստ հաւաքածոներէն։ Նաեւ՝ ան յայտնեց, թէ մշակուած է յատուկ ծրագիր մը հայկական վարժարաններուն համար, որպէսզի աշակերտները իրենց ուսուցիչներով ցուցահանդէս այցելեն եւ իրազեկ դառնան գաղութի առաջին տարիներու պատմութեան։
Կէսօրուան ժամերուն՝ ΕΡΤ1 հեռատելիլի կայանը կապ հաստատեց ցուցադրութեան վայրին հետ եւ ընկ. Վերժին Կարապետեան տեղեկութիւններ տուաւ անոր մասին:
Թանգարանի մուտքին, այցելուներուն կը բաժնուի գեղատիպ պրակ մը, որուն մէջ տեղ գտած են ցուցահանդէսի լուսանկարներու նմոյշ մը եւ յունահայ գաղութի պատմութիւնը՝ իր ստեղծումէն մինչեւ այսօր։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Մայիս։
Պատմական Վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութեան հասցէ՝
Էլէֆթերիու Վենիզելու 87, Նէա Զմիռնի, (Στάση τραμ Αγίου Αλεξάνδρου)
Այցելութեան ժամեր՝
Երկուշաբթի — Ուրբաթ՝ ժամը 9:30-15:00
Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի երեկոյեան՝ ժամը 18:00-21:00
Շաբաթ՝ 10:00 — 14:00
Խմբային այցելութիւններու ժամադրութիւն ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն՝ 213 202 5962 եւ 213 202 5963: