Պուլկարիոյ Նախագահը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Պետական այցով Հայաստան գտնուող Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»- ը, Պուլկարիոյ նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:

Պուլղարիոյ նախագահը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած էր տիկնոջ հետ: Անոնց կ՛ուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Պուլկարիոյ նախագահը տիկնոջ հետ շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:

«Առաջին անգամ այցելելով յուշահամալիր` ես կ՛աղօթեմ բոլոր անմեղ հայերուն համար, որոնք զոհ գացին 1915- 1922 թուականներու ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կազմակերպուած զանգուածային կոտորածներուն: Ես ցնցուած եմ ողբերգութենէն եւ մարդկային տառապանքներէն այն հայերուն, որոնք զոհ դարձած են` պաշտպանելով իրենց ազգային համոզումներն ու ժառանգութիւնը: Ինծի խորապէս կ՛անհանգստացնէ այն, որ այդ հայերը եւ անոնց ընտանիքները, որոնք պայքարած են ապրելու համար, ստիպուած եղած են հանգրուան գտնել այլ երկիրներու մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այդ բարդ ժամանակահատուածին Պուլկարիոյ մէջ հաստատուած եւ զայն իրենց երկրորդ հայրենիք համարող հայերու սերունդները կողք կողքի կ՛ապրին իրենց պուլկարացի համաքաղաքացիներուն հետ»,- յուշամատեանին մէջ գրած է Պուլկարիոյ նախագահը:

Ռումեն Ռատեւը այնուհետեւ եղեւնի տնկած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին գտնուող յիշատակի ծառուղիին մէջ:

Scroll Up