Հալէպի Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» Պարախումբերը Նոր Ոճով ու Գոյնով Ներկայացան Հանդիսատեսին

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Սարդարապատ եւ Շուշի Պարարուեստի Յանձնախումբին, Շաբաթ եւ Կիրակի 27 եւ 28 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երկու յաջորդական ելոյթներով «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» զոյգ պարախումբերու տարեկան ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թէրզեանի: Ելոյթներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչը, Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչը, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Ալեքսանեան, Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութեան հանդիսավարներն էին Սագօ Խալոյեան եւ Ռաքէլ Շահինեան, որոնք պարարուեստին եւ ներկայացուող պարերուն մասին համառօտ տեղեկութիւններով, մերթ զրուցելով, մերթ բանաստեղծական մէջբերումներով անմիջական կապ մը ստեղծեցին հանդիսատեսին ու բեմին միջեւ։

Յայտագիրը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, որոնցմէ ետք հանդիսատեսները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը.
Ռաքէլ Շահինեան, հայերէն, իսկ Սագօ Խալոյեան արաբերէն բացման խօսքերով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ պարարուեստին կարեւորութեան ու 90-ամեակը բոլորած Համազգայինի մասին հետեւեալը ըսին. «Պարարուեստը մշակոյթի մը անքակտելի օղակներուն ամէնէն արտայայտիչն է: Տակաւին երկու օր առաջ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած արուեստի փառատօնին մասնակցութիւնը բերած «Սարդարապատ»ի եւ «Շուշի»ի աղջիկներն ու տղաքը, 90 տարին բոլորած Համազգայինի երդիքին տակ վճռակամ եւ աննկուն քայլերով կը շարունակեն յառաջդիմել՝ միշտ հաւատալով, որ մեր ազգը կը գոյատեւէ իր մշակոյթը պահպանելով ու զարգացնելով»։

Ելոյթին նպատակն էր հանդիսատեսին հրամցնել զանազան ազգերու եւ մշակոյթներու պարեր:

Երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող զոյգ ելոյթները բաժնուած էին 2 մասերու, որոնց ընթացքին պարախումբերը ներկայացուցին 14 տարբեր ազգութիւններու, մշակոյթներու եւ ոճերու յատուկ պարեր՝ հայկականը պահելով հիմնականը։ «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները ժպտադէմ, պարային գունեղ զգեստներով եւ երաժշտութեան հետ ներդաշնակ ու ինքնավստահ շարժումներով հմայեցին հանդիսատեսը եւ ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու:

Յատկանշական էր վերջին՝ «Աւարտական պար»ը, ուր զոյգ պարախումբերը ժողովուրդները միացնող պարի լեզուով ներկայացուցին ելոյթին համադրումը՝ բեմը վերածելով տօնական շքեղ հարթակի:
Ելոյթներու աւարտին ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցան «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերու պարուսոյց Վրէժ Թէրզեան, ապա զոյգ պարախումբերու յանձնախումբերուն անդամները եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Ռոզէթ Ապէճեանը։ Ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պարողներուն, պարուսոյցին , յանձնախումբին եւ իրենց զաւակները Համազգայինին վստահած ծնողներուն՝ շեշտելով որ երիտասարդութիւնն էր այս յաջող ելոյթներուն շարժիչ ու կազմակերպիչ ուժը։

Առաջին ելոյթի աւարտին սրբազան հօր կողմէ իր սրտի խօսքը արտասանեց Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, որ ըսաւ.««Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերուն հոգեհարազատ ելոյթին ճամբով փոխադրուեցանք պարարուեստի հարուստ աշխարհ: Հաղորդական ոճով ներկայացուած պարերուն ընդմէջէն մենք ստացանք լաւատեսութեան պատուաստը: Մեր աչքերուն առջեւ պարզուած հրաշալի պատկերը յուսադրող էր եւ ուրախալի: Թող Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը յարաճուն վերելք ունենան ու հարստացնեն մեր մշակութային կեանքը նոր որակով, նոր ոճով»: Այնուհետեւ արժանապատիւ քահանայ հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի հայրական ողջոյններն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց ներկաներուն:

Երկրորդ ելոյթի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան՝ «Պահպանիչ» աղօթքով փակելու ձեռնարկը։

Քրիստ Գարամանեան

«Գանձասար», Հալէպ

Scroll Up