Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/58778977_814841902221670_1769569570114240512_n-300x225.jpg)
Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանէն ներս ապրիլ 30-ին տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը,բացման խօսքով հանդէս եկած է յուշ-երեկոյի կազմակերպիչ փրոֆ. Ռուբէն Ամիտայը, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեանը եւ համալսարանի տնօրէն փրոֆ. Պարաք Մետինան, որ առաջին անգամ կը մասնակցէր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշ-երեկոյի:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամէն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի ողջոյնի խօսքն ընթերցած է Պատրիարքութեան Դիւանապետ Հոգեշնորհ Տէր Կորիւն Վարդապետ Բաղդասարեան:
Գլխաւոր բանախօսն եղած է Վիգէն Կարապետը` ներկայացնելով «Աբելի ձայնը, որ կ՛աղաղակէ Աստուծոյ երկրէն` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան» դասխօսութիւնը, բանախօսութեամբ հանդէս եկած են նաեւ վերջերս լոյս տեսած «Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ոչնչացումը, 1894-1924թթ. գիրքի հեղինակներ դոկտ. Բենի Մորիսը եւ փրոֆ. Տրոր Զէեւին: Հակիրճ զեկոյց ներկայացուցած են «Արարատցիները» գիրքի հեղինակ Օրա Ախիմէիրը:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցած են Ս. Թարգմանչաց վարժարանի սաները եւ Իլիա Մազեան: