«Հայկական Գիշեր» Հրաշալի Համերգը Ֆրանսայի Առնուվիլ Քաղաքին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/04/arnuvil8-300x225.jpg)
Ապրիլ 27-ին փարիզեան շրջանի հայաշատ Առնուվիլ քաղաքին մէջ առտուն կանուխէն հայկական շունչը կը թեւածէր: Առնուվիլի քաղաքապետ, հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամ Փասկալ Տոլլի աջակցութեամբ, Ֆրանսայի «Հայկական կապոյտ խաչ»-ի,«Սասուն» հայրենակցական միութեան, Հրանդ Տինքի անուան դպրոցի կանանց միութեան եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու աշխոյժ մասնակցութեամբ կայացած աւանդական «
Հայկական գիշեր» ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի անուան համերգասարահին մէջ, դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ ներկաներու յիշողութեան մէջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին Ֆրանսայէն կը յայտնէ Մոնիքա Առաքէլեան, ձեռնարկներու շարքը երեկոյեան եզրափակուեցաւ տուտուկահար Լեւոն Մինասեանի հրաշալի համերգով: Ներկայ էին Առնուվիլի քաղաքապետ Փասկալ Տոլլը, Սարսէլ քաղաքի նախկին քաղաքապետ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնին, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Հայկ Խեմչեան, Առնուվիլի քոյր քաղաքի` Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխէր համայնքի ղեկավար Մխիթար Մանգասարեանը, ֆրանսահայ բարերար Շառլ-Կարպիս Նիկողոսեանը եւ ֆրանսահայ շատ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համերգի սկիզբը իրենց խօսքն ըսին Փասկալ Տոլն ու Ֆրանսուա Փուփոնին` անգամ մը եւս ընդգծելով հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ամուր հիմքերը, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան ալ աւելի ամրապնդուող կապերը: Եւ, ի հարկէ, հիացմունքով յիշեցին Արցախ կատարած վերջին այցը:
Այնուհետոեւ ցուցադրուեցաւ «Առնուվիլէն Արցախ» վաւերագրական ֆիլմը, որմով ներկայացուեցաւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի, Փասկալ Տոլլի, Ֆրանսուա Փուփոնիի, եւ ֆրանսացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու Արցախ կատարած այցը: Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէին Յովհաննէս Գէորգեանն ու Կարպիս Նիկողոսեանը:
Ֆիլմին յաջորդեց համերգը. տուտուկահար Լեւոն Մինասեան ողջունեց դահլիճին մէջ գտնուող ֆրանսահայ երգչուհի Լիզ Սարեանը: Համերգը կ՛ընդմիջուէր Քելլի Մարտինսի հրաշալի ասմունքով. ֆրանսերէն հնչեց Չարենց, Համաստեղ: Լեւոն Մինասեանին կը նուագակցէր կիթառահար Տիգրան Տէր Ստեփանեանը: Օտրի Գէսեջեանի հիանալի կատարմամբ եւ Լեւոն Մինասեանի տուտուկի ուղեկցութեամբ ներկաները վայելեցին նաեւ «Տլէ եաման» երգը:
Համերգն աւարտեցաւ կէսգիշերին, իսկ Առնուվիլի մէջ ձեռնարկները շարունակուեցան նաեւ յաջորդ օրը:
Լուսանկարները՝ Քսաւիէր Լորիս Շուքուրեանի