Սպանացի Լրագրողը Քաթալոներէն Յօդուած Մը Հրապարակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Ընթերցողներու լայն լսարան վայելող, բացառապէս քաթալոներէն լոյս տեսնող «Diari ARA» օրաթերթին մէջ տպագրուած յօդուածին մէջ Պոնեն կեանքի  կոչած է հայ բնակչութեան հանդէպ Երիտթուրքերու կառավարութեան վայրագութիւններուն մասին դրուագները` ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներու յիշողութիւններն արթնցնելու միջոցով:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութենէն, նիւթը պատրաստելու նպատակով լրագրողը այցելած է Հայաստան` «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» (ՀԵԲ) հասարակական կազմակերպութեան օժանդակութեամբ: Վերջինս օգնած է լրագրողին կազմակերպչական հարցերուն մէջ, հաւաքած յօդուածի համար անհրաժեշտ բոլոր նիւթերը, տրամադրած նախնական տեղեկութիւն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, կազմակերպած է այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ որ առաւել յատկանշական է` գտած է ցեղասպանութեան վերապրածներու երկրորդ սերունդի ժառանգներու եւ կազմակերպած լրագրողներու հարցազրոյցները անոնց հետ:

Լուսանկարը` «Diari ARA»-ի

Scroll Up