Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Հաւաք՝ Ֆրեզնոյի Քաղաքապետարանին Դիմաց
«Ասպարէզ»- Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլին, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ դրօշակի արարողութեան այս տարուան հաւաքը։
2004էն ի վեր տեղի ունեցող հաւաքին այս տարուան գլխաւոր բանախօսն էր երկարամեայ կրթական մշակ Ալիս Պետրոսեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական միաւորի ատենապետն է եւ Լոս Անճելըսի Կանանց յանձնաժողովի նախկին ատենապետը:
Դրօշակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաջնորդութեամբ Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներուն, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Ֆրեզնոյի մօտակայ Ֆաուլըր քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Քազարեան։
Ցեղասպանութեան նուիրուած հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ եւ հոն գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։
Քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած ոգեկոչման հաւաքին ներկայ էր նաեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ, որ նաեւ մասնակցեցաւ Հայաստանի դրօշակը բարձրացնելու արարողութեան։
Շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը կատարեցին արարղութեան բացման աղօթքը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Հայկօ Օհաննէսեան, Աստղիկ Աճամեան եւ շրջանի Չարլի Քէյեան վարժարանի աշակերտները:
(Քաղուած Կրեկ Քոլռուսի թղթակցութենէն)