Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակը Խնկարկող Մոմավառութիւն Եւ Աղօթք Պարսելոնայի ՄԷջ

Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու 104-րդ տարելիցը յիշատակեցին բազմազգ Սպանիոյ եւ Գաթալոնիոյ բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուր կային նոյնիսկ փոքրաթիւ հայկական համայնքներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Արարատի ձայն» լրահոսի աշխատակից Ժաննա Դաւթենցը, Պարսելոնայի հայաշատ համայնքը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը սգալու ու խնկարկելու համար մշտապէս կը հաւաքուի «Փլացա Սպանիա»-ի հարեւանութեամբ գտնուող այգիին մէջ` խաչքարին շուրջ ու յարգանքի տուրք կը մատուցէ:
Ապրիլ 24-ին եւս տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ աղօթք հնչեց առ Աստուած` յանուն նահատակներու հոգիի հանգստութեան: Մինչեւ ուշ երեկոյ մարդաշատ էր խաչքարի տարածքը: Այցելուներու մէջ էին շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Կէսգիշերն անց միայն դադրեցաւ մարդոց հոսքը: