«Պայքար, Պայքար Մինչեւ Վերջ». Հայերու Բողոքի Ցոյցը Ուաշինկթընի ՄԷջ
Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքն ապրիլ 24-ին բողոքի ցոյց կազմակերպած էր Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին առջեւ` հէնց այստեղ 2017-ի մայիսին Ռեճէպ Էրտողանի աշխատակիցները յարձակած էին հիմնականին մէջ քիւրտ եւ եզտի ցուցարարներու վրայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեանի խօսքով, հինգշաբթի այստեղ ցոյցի հաւաքուած հայերու հիմնական պահանջները յստակ են.
«Մենք ունինք երկու հիմնական պահանջ. Թուրքիոյ կառավարութենէն կը պահանջենք վերջ դնել արդարութիւնը ժխտելու քաղաքականութեան Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, իսկ որպէս ամերիկացիներ մեր իսկ երկրի նկատմամբ յարգանքէն ելլելով կը պահանջենք, որպէսզի Ամերիկայի մօտեցումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ չառաջնորդուի Թուրքիոյ ժխտողականութեամբ»:
Փողոցին հակառակ կողմը, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ պատասխան ցոյց կազմակերպած էր Ուաշինկթընի թրքական համայնքը, որուն նպատակն էր ներկայացնելու Թուրքիոյ տեսակէտը, «Ամերիկայի Ձայն»-ին պատմեց Ամերիկայի թրքական ընկերակցութիւններու համագումարի համանախագահ Կիւնա Էւինչը.
«Մենք կրնանք բազմաթիւ հարցերու շուրջ համաձայնիլ: Ես ատիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ մենք հայ ժողովուրդին հետ հաշտուիլ կ՛ուզենք: Մենք իրականութեան մէջ նման ենք իրարու մեր մշակոյթով, ընտանեկան մշակոյթով, խոհանոցներով: Մեզի կ՛երջանկացնեն եւ կը տխրեցնեն նոյն բաները: Ի վերջոյ` մենք հարեւաններ ենք, ուստի, բնական կ՛ըլլար հաշտուիլ»:
ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը «Ամերիկայի Ձայն»-ին հարցազրոյց տալուն հրաժարեցաւ, ըսելով, որ հարցին շուրջ հարցազրոյց տուած է թրքական պետական հեռուստաալիքին միայն: Մինչ ցոյցին հաւաքուած հայերը արդարութիւն կը պահանջէին եւ հայրենասիրական երգեր կ՛երգէին, թուրքերն իրենց մեղադրանքները կը ներկայացնէին Հայաստանին եւ իրենց ազգային երաժշտութիւնը կը լսէին: Ուաշինկթընի ոստիկաններն ալ կանգնած էին երկու խումբերու կողմնակիցներուն միջեւ:
Հայերու ցոյցն աւարտեցաւ երթով դէպի Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, որ բակին մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարը: Աւանդաբար այս օրը Հայաստանի դեսպանատունը բոլորին առջեւ կը բանայ իր դռները: Իր ելոյթին՝ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան կրկին յիշեցուց` ցեղասպանութիւնը չունի վաղեմութեան ժամկէտ.
«Այնքան ժամանակ, քանի դեռ պատմական արդարութիւնը չէ վերականգնուած, քանի դեռ հայութեան պայքարը չէ հասած գագաթնակէտին, մեզի համար այս վէրքը պիտի մնայ թարմ եւ այս պայքարը՝ յաւերժական»:
Ապրիլ 24-ը սակայն ոչ միայն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի այլեւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի օրն է` ժողովուրդի մը, որուն ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ձախողած են, նշեց դեսպանը:
Զոհերուն մասին իր աւանդական յայտարարութեան մէջ խօսած է նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տտոնալտ Թրամփը, որ տեղի ունեցածը Մեծ Եղեռն անուանած է.
«1915 թուականէն սկսած մէկ եւ կէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, ենթարկուեցան ջարդի կամ ուղարկուեցան մահուան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն : Յիշատակի այս օրը մենք կրկին կը միանանք Ամերիկայի ու ամբողջ աշխարհի հայերուն` սգալու համար զոհերու յիշատակը»: