Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Ցոյցեր Հոլիւուտի Եւ Լոս Անճելըսի ՄԷջ
Տասնեակ հազարաւոր հայեր Լոս Անճելըսի մէջ` Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, ինչպէս նաեւ Հոլիւուտի մէջ ապրիլ 24-ի երեկոյեան բողոքի ցոյցեր իրականացուցած են` պահանջելով ճանչնալ եւ դատապարտել պատմական ճշմարտութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնց միացած են նաեւ ամերիկացիներ, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հաւաքուածները կոչով դիմած են ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն` 1915-ի դէպքերը որակելու որպէս ցեղասպանութիւն:
ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը Հոլիւուտի մէջ նշած է, որ շատ հպարտ է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անգամ մը եւս յարգելու համար: «104 տարի անց ցաւալի է, որ մեր երկիրը դեռ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես պիտի շարունակեմ իմ պայքարս քոնկրէսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւն ընդունելու համար»,-«Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցին նշած է ան:
Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց բողոքի ցոյցին ներկայ եղած են հոգեւոր, քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներ:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիկ Կարսետին հանդէս եկած է ելոյթով` նշելով, որ այսօր բոլորը հայեր են, հայ-ամերիկացիներ: Քաղաքապետը նշած է, որ հաւաքուած են բարձրաձայնելու համար պատմական իրականութիւնը: Ան շեշտած է, որ Լոս Անճելըսը հրաշալի հայկական քաղաք է, եւ իրենք հպարտ են անով: «Այս քաղաքը միշտ ճշմարտութեան կողքին եղած է: Մենք պէտք է ճանչնանք 1915-ի դէպքերը, որպէսզի խուսափինք ապագային ատոնց կրկնութենէն: Եւ յոյսով ենք, որ պատմական ճշմարտութիւնը օր մը կը լսենք մեր երկրի մայրաքաղաքէն»,-նշած է քաղաքապետը:
Ապրիլ 24-ին աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը նշէր Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին հայերու նկատմամբ իրականացուածը 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնն էր: Հայ ժողովուրդի կոտորածը պաշտօնապէս դատապարտած եւ որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցած են երկու տասնեակէ աւելի երկիրներ ու միջազգային կառոյցներ: