Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ Պեռլինի ՄԷջ
Ապրիլ 24-ին Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն Պեռլինի Սբ. Հետուիգի տաճարին մօտ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:
Այնուհետեւ, Պեռլինի Ֆրանսական տաճարէն ներս ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Գերմանահայոց թեմի առաջնորդարանի եւ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդին կողմէ` Պեռլինի հայկական եկեղեցական եւ մշակութային միութեան, Պեռլինի հայ համայնքին եւ «KAMMERTON»նախագիծի աջակցութեամբ, կազմակերպուեցաւ յիշատակի երեկոյ` նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Համպուրկի համալսարանի փրոֆ. դր. Էլկէ Հարթմանը (Elke Hartmann): Այնուհետեւ ՀՀ դեսպանութեան հրաւէրով Գերմանիա ժամանած տաղանդաւոր երիտասարդ հայ երաժիշտներ, Երեւանի Սպենդիարեանի անվ. երաժշտական դպրոցի սաներ Գուր Սարգսեանի, Այտա Աւանէսեանի, Անի Պատէեանի եւ Պեռլինի երաժշտանոցի ուսանող Ժոռա Սարգսեանի կատարմամբ հնչեցին հայ եւ համաշխարհային դասականներու ստեղծագործութիւններ: Ձեռնարկին աւարտին Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Սերովբէ վարդապետ Իսախանեան Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական աղօթք կատարեց:
Յուշ-երեկոյին ներկայ էին Պունտեսթագի պատգամաւորներ, ԳԴՀ ԱԳՆ, ինչպէս նաեւ պետական եւ քաղաքային կառոյցներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, դեսպաններ, ԳԴՀ քաղաքական հիմնադրամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: