Անգլիոյ Տարածքին Մէջ Առաջին Հայկական Խաչքարը Տեղադրուած Է

Մարտ 2-ին Մեծ Բրիտանիոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ` Քենթերբերի քաղաքին մէջ, տեղադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար: Բրիտանահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ անգլիական գլխաւոր եկեղեցւոյ` Քրիստոսի մետրոպոլիտ տաճարի Յիշատակի այգիին մէջ տեղադրուած խաչքարն օծուեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի ձեռամբ:

Ձեռնարկին մասնակցեցան ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Քենթերպերիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպին, Քենթերպերիի ղեկավար Ռոպերթ Ուիլիսը, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, բրիտանահայ համայնքի աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ:

Օծման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Քենթերպերիի ղեկավար Ռոպերթ Ուիլիսը կարեւորեց Մեծ Բրիտանիոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ տարածքին մէջ առաջին հայկական խաչքարի տեղադրումը` նկատելով, որ այն կը հանդիսանայ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ յոյսի խորհրդանիշ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրոկոսեան` նշելով, որ հայկական միջնադարեան մշակոյթը խորհրդանշող խաչքարն այսուհետ պիտի դառնայ Քենթերպերիի աւելի քան 1400-ամեայ հարուստ պատմութեան մասնիկը: Դեսպանն ընդգծեց, որ խաչքարը նուիրուած է 1915թ. Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Արման Կիրակոսեան երախտագիտութեամբ յիշատակեց Քենթերպերիի արքեպիսկոպոս Ռենտլ Տէյվիտսընին, որուն ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած ու հրապարակուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բրիտանական նիւթերը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական աջակցութիւն  ցուցաբերուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: Ըստ դեսպան Կիրակոսեանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանակին համարժէք կերպով չէ ճանչցուած ու դատապարտուած, որ ճանապարհ բացաւ ապագայ բռնապետներու եւ մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու իրագործման համար, ինչպիսիք էին Հոլոքոստը, Քամպոտիայի, Ռուանտայի եւ Տարֆուրի ցեղասպանութիւնները: «Այս առումով «Այլեւս երբեք» կարգախօսը մարտահրաւէր է ազգերուն եւ մեզ բոլորիս, քանի որ դառն ճշմարտութիւնը կը կայանայ այնտեղ, ուր շատ յաճախ աշխարհն ի զօրու չէ եղած կանխելու անմեղ մարդոց համընդհանուր կոտորածները»,- նշեց դեսպանը: Ան ընդգծեց Հայաստանի յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ուղղուած, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու օրակարգի, ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններու, ներառեալ` ցեղասպանութիւններու կանխարգելումն առաջ մղելու շարունակական ջանքերուն:

Ձեռնարկին մասնակիցները նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Քենթերպերիի Արքեպիսկոպոս Ռենտլ Տէյվիտսոնին` ծաղկեպսակ զետեղելով անոր շիրիմին:

Տեղեկանք. Ճոն Միրտոնի եւ Վարդան Մոսկոֆեանի կողմէ պատրաստուած եւ Քենթերպերիի տաճարի Յիշատակի այգիին մէջ տեղադրուած խաչքարն առաջին հայկական խաչքարն է Անգլիոյ  տարածքին մէջ:

 

Scroll Up