Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութիւնը Ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցը
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ գրառում հրապարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին վերաբերեալ. «Յիշատակի այս օրը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը լիովին կը կիսէ հայ ժողովուրդի ցաւն ու տոկունութիւնը: Պահպանել յիշողութիւնը, կը նշանակէ յարգել զոհերուն յիշատակը»: