Ֆրանսայի Քլիշի Քաղաքին Մէջ Բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած՝ Ազնաւուրի Անուան Հրապարակ
Ֆրանսայի Քլիշի քաղաքին մէջ, բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակ, որ կը կրէ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունը:
Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան Facebook-ի էջը:
Հրապարակի բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: