Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Քայլերթ Մասթրիխտի ՄԷջ
Հոլանտայի Մասթրիխտ քաղաքին մէջ ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւնը կայացած է երեկոյեան: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Նիտերլանտական օրագիր»-էն, թէեւ անձրեւային եղանակ էր, սակայն Սուրբ Կարապետ եկեղեցիէն տեղի ունեցած է քայլերթ` դէպի Սուրբ Սերվանտիուսի տաճարին մօտ տեղադրուած հայկական խաչքար:
Աղօթքէն եւ մէկ վայրկեան լռութենէն ետք ձեռնարկի մասնակիցները հայկական եռագոյնը խոնարհած են Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ ծաղիկներ դրած խաչքարի պատուանդանին: