Ծիծեռնակաբերդի ՄԷջ Նիկոլա Ազնաւուրը Հայաստան Գալու Կոչ Ըրաւ Ու Երկիրը Աւելի Բարգաւաճ Դարձնելու

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին մեծ ողբերգութեան զոհերու յիշատակը յարգելու նպատակով ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին  էր նաեւ ֆրանսահայ երջանկայիշատակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիկոլա Ազնաւուրը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, լրագրողներու հետ զրոյցին ան նշեց, որ այստեղ  եկած է իր ողջ ընտանիքին անունով: «Ես բոլորին գալու կոչ կ՛ընեմ  եւ  այստեղ ըլլալու  ոչ միայն Ցեղասպանութեան օրը: Կոչ կ՛ընեմ Հայաստանի մէջ  նոր նախագիծերու սկիզբ դնելու, օգնելու` երկիրն աւելի բարգաւաճ դարձնելու»,- ըսաւ Նիկոլ Ազնաւուր:

Հարցին, թէ ինչ զգաց անմար կրակին մօտենալուն` շանսոնյէի որդին նշեց. «Զգացի այն, ինչ զգացած եմ հօրս կողքին ըլլալով: Ես զգացի, որ այսօր ան մեզ հետ է` ճիշդ այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր այն մարդիկ, որոնք եկած են յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ` անոր ցանկութիւնը կ՛ըլլար, որ այսօր ես իմ ողջ ընտանիքիս անունով այստեղ ըլլամ»:

Scroll Up