Սպանիոյ Երեք Քաղաքներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պիտի Իրականացուին

Սպանիոյ Պարսելոնա, Վալենսիա եւ Թոլետօ քաղաքներուն մէջ, Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ծիրէն ներս՝ Ապրիլ 24-ին, նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ: Մասնաւորապէս, Պարսելոնայի մէջ, ժամը 19:00-էն սկսեալ, խաչքարին մօտ (Avenida de l’ Estadi 67) տեղի պիտի ունենայ մոմավառութեան արարողութիւն: Վալենսիոյ մէջ, ժ. 18:00-ին, Միսլաթայի «Կենաց Խաչ» յուշարձանին մօտ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն եւ խնկարկում: Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը եւ բոլոր ցանկացողները Թոլետոյի մէջ (Pasillo Borbցn-Lorenzana de la Biblioteca Regional de Castilla-La Mancha) ներկայ պիտի գտնուին «Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը. առաջ եւ յետոյ» լուսանկարչական ցուցահանդէսին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up