Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը, Կարծես,Կը Տեղափոխուի Իսլամական Աշխարհ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին ձեւաւորուած վախի մթնոլորտը կ՛ազդէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ճշմարտացի խօսքի վրայ: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ եթէ տարիներ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ազատ խօսքն աւելի յաճախ լսելի էր, ապա վերջին շրջանին այդ ձայնը շատ թոյլ է: Ան նկատեց, որ 2016 թուականին, երբ Թուրքիոյ մէջ ապստամբութեան փորձ եղաւ, նախագահ Էրտողանն ալ աւելի ուժեղացուց Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն իր միանձնեայ իշխանութիւնը, այլեւ ճնշումները թրքական հասարակութեան ամենատարբեր շերտերու վրայ:

«Այս վախի մթնոլորտը, որ մեծ ուժգնութեամբ զարգացաւ Թուրքիոյ մէջ, կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ այն ճշմարտացի ելոյթներուն վրայ, որոնց ականատես կ՛ըլլայինք վերջին տարիներուն: Ցաւօք, Թուրքիոյ հասարակութեան այն խիզախ ներկայացուցիչները, որոնք կը փորձէին ճշմարտացի խօսք ըսել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, հիմա շատ աւելի թոյլ է անոնց ձայնը»,-ըսաւ Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Ըստ թրքագէտին` այս միտումը ոչ միայն կը պահպանուի Թուրքիոյ մէջ, աւելին` կ’ուժեղանայ, քանի որ երթալով կ՛ամրապնդուի Էրտողանի` ճնշումներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը: Թուրքիոյ մէջ կը ձեւաւորուի այնպիսի մթնոլորտ, որ հասարակութիւնը լռեցնելու նպատակ ունի:

Անդրադառնալով տարբեր երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխուժացման` Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ պէտք է փորձել հասկնալ, թէ այդ աշխուժացման ետեւը ինչ կը գտնուի:

«Սովորաբար այդ աշխուժութիւնն ակնյայտ կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ տուեալ երկրի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վատ հանգրուան է: Միւս կողմէն պէտք չէ անտեսել այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու, այլեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման  խնդիր է»,-ըսաւ ան:

Թրքագէտը նկատեց, որ վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարծես, թէ կը տեղափոխուի իսլամակական աշխարհ: Արաբական որոշ երկիրներու կողմէ այդ մասին խօսիլը, կարծես, այդ մասին կը վկայեն: Ան յոյս յայտնեց, որ իսլամակական աշխարհը վեր կը կանգնի Թուրքիոյ հետ կրօնական ընդհանրութեան գաղափարէն եւ իսկապէս կ’անդրադառնայ այդ ծանրագոյն յանցագործութեան` ուղղուած մարդկութեան դէմ:

Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մարտավարութիւնը: Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ պէտք է աւելի հետեւողական եւ հիմնաւոր դրուի փոխհատուցման խնդիրը:

«Ցեղասպանութիւնը ծանրագոյն յանցագործութիւն է եւ պէտք է յանցագործը պատիժ ստանայ: Ատիկա ներկայիս հնարաւոր է իրականացնել հատուցում պահանջելու միջոցով: Նախ պէտք է ամենայն մանրամասնութեամբ ուսումնասիրուին բոլոր իրաւական հարցերը, ճիշդ ընտրուի յարմար քաղաքական պահը եւ առաջ տանիլ փոխհատուցման հարցը»,-աւելցուց թրքագէտը:

Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդը կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ղեկին կանգնած երիտթրքական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան հետեւանքով 1915-1923 թուականներուն զանգուածային տեղահանութեան  ենթարկուած է եւ բնաջնջուած Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու, ներառեալ` Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութիւնը, ոչնչացուած է ունեցուածքը, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր կը համարուի 1915 թուականի ապրիլ 24-ը, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ըստ նախօրօք պատրաստուած ցուցակներու, ձերբակալուեցաւ մօտ 235 հայազգի մտաւորական:

Scroll Up