Հայաստանի Համար Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացը Մեծ Նշանակութիւն Ունի. ԱԳՆ Խօսնակ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/936185.jpg)
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան, Յունիս 5-ին, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Իսրայէլի Քնեսէթի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին քննարկման: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Բալայեան նշած է, որ Հայաստանի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ մենք պիտի շարունակենք առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալ այս ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն վրայ: «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչումը համամարդկային արժէքներու գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու վերահաստատման գործընթաց է՝ կոչուած նման ոճիրներու կանխարգելման, անոր կրկնութեան բացառման՝ անկախ ներքաղաքական ծիրէն եւ աշխարհաքաղաքական իրադրութենէն»,- ընդգծած է ԱԳՆ խօսնակը:
Տիգրան Բալայեան նշած է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած տասնեակ բանաձեւերը ցոյց կու տան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անշրջելի է: