Սուրբ Յարութեան տօնը Վիրահայոց Թեմի Եկեղեցիներուն ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/04/3-32-300x225.jpg)
Ապրիլ 21-ին Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը Վիրահայոց թեմէն ներս նշուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններով եւ արարողակարգերուն համապատասխան: Ինչպէս Ճրագալոյցի երեկոյեան, այնպէս ալ Սուրբ Զատկուան օրը Թիֆլիսի, Ռուսթաւի, Պաթումի, Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ, Մառնէուլիի, Ծալկայի եւ Թեթրիծղարոյի շրջաններուն մէջ, հաւատացեալ բազմութեան մասնակցութեամբ, տեղի ունեցան սրբազան արարողութիւններ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, հաւատացեալներով լեցուն էր Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցին, բակը եւ մերձակայ տարածքը: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, Անդաստանի արարողութիւն, ապա Վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Պատարագին ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, դեսպանութեան դիւանագէտներ, համայնքային պաշտօնեաներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ, այլ նշանաւոր հայորդիներ եւ բազում հաւատացեալներ:
Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւնը յարգած էին վրացական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, ի մասնաւորի Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Ճիճինաձեն, Վրաստանի հաշտութեան եւ հաւասարութեան հարցերով պետական նախարար Քեթեւան Ցիխելաշուիլին, առաջին պետական փոխնախարար Լիա Գիգաուրին, Վրաստանի կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմաձեն, ռազմավարական հետազօտութեան ծառայութեան պետ Նինօ Ճաւճաւաձեն, առաջին կարգի պետ Սերգօ Փարուլաւան:
Յընթացս Սուրբ Պատարագի Պատարագիչ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի զատկական պատգամը:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Թեմակալ առաջնորդը շնորհաւորեց հաւատացեալները Սբ.Զատիկի` որպէս չարի դէմ բարիի, խաւարի դէմ լոյսի յաղթանակի տօնի առիթով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Վազգէն Սրբազան շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ Վրաստանի քրիստոնեայ ժողովուրդին, որ կը նշէր Ծաղկազարդի տօնը:
Եկեղեցւոյ բակին մէջ ազգային տարազով զուգուած երիտասարդները ժողովուրդին բաժնեցին ներկուած հաւկիթներ: