Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանութեան Պատուիրակութիւնը
Ապրիլ 17-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի առաջին խորհրդական Քլէր Լը Ֆլեշէն, Տարածաշրջանային տնտեսական ծառայութեան ֆինանսական խորհրդական Անսելմ Էմբերը, տնտեսական կցորդ Եուլիա Սոթիէն, տեխնիկական համագործակցութեան կցորդ Առնօ Շաֆանժը: Անսելմ Էմբերը եւ Եուլիա Սոթիէն Հայաստան այցի ծիրէն ներս պիտի իրականացնեն տնտեսական առաքելութիւն:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հիւրերուն, ֆրանսացի ժողովուրդին ու ֆրանսական կառավարութեան ապրիլ 15-ին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկուած հրդեհի կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնեց, որ տաճարը կը վերագտնէ իր նախկին տեսքը:
Անդրադառնալով հանդիպման հիմնական նպատակներուն` Ֆրանսայի դեսպանութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ կ՛ընեն հնարաւորինը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ ամուր յարաբերութիւններու մէջ տնտեսական բաղադրիչի զարգացման, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայէն ներդրումներ խրախուսելու, երկրի գործարար գրաւչութիւնը ներկայացնելու ուղղութեամբ եւ լիովին կ՛աջակցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած տնտեսական յեղափոխութեան կայացման ընթացքին: Այս առումով ներկաները կարեւորեցին հայկական սփիւռքի ներգրաւուածութիւնն ու դերակատարութիւնը:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ Ֆրանսայի մէջ հայերու ներկայութիւնը երկար պատմութիւն ունի, եւ այսօր առկայ է հզօր համայնք: Սակայն ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլեւս ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական սփիւռքը մեծ ներուժ ունի, եւ այժմ հայրենի կառավարութեան կողմէ սփիւռքի հետ տարուող քաղաքականութիւնը հիմնարար փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը կարեւորեց համահայկական գործարար ցանցի ստեղծումը, ներդրումներու, զարգացման ծրագիրերու հանդէպ մասնագիտական մօտեցումը, սփիւռքի հետ զգացական եւ բանական դաշտերու մէջ յարաբերութիւններու առողջացումը, որ կը բերէ կայուն, բոլոր կողմերու համար փոխադարձաբար ընդունելի, արդիւնաւէտ վիճակի:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ սփիւռքի պարտատոմսերու թողարկման գաղափարի, Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտը բարելաւելու, սփիւռքի նիւթական ներուժի կողքին մարդկային պաշարի ներգրաւման, Հայաստանի մէջ գործող հիմնադրամներու մասին: Ըստ Տէր Գրիգորեանի` այսօր այս իմաստով առկայ է եզակի հնարաւորութիւն եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ սփիւռքի համար: Վերջինս կը դիտարկուի որպէս համաշխարհային ցանց, ուր ներառուած են սփիւռքի բոլոր օղակները:
Տնտեսական կցորդ Եուլիա Սոթիէն ընդգծեց, որ ֆրանսական կառավարութեան ջանքերով մօտ ապագային Փարիզի եւ Երեւանի երիտասարդները հնարաւորութիւն կ’ունենան համագործակցելու IT ոլորտին մէջ, մասնագիտական հանրոյթներու միջեւ ստեղծելու կապեր, աշխատելու միասին: Սակայն Սոթիէն նկատեց նաեւ, որ առկայ է տեղեկատուութեան պակաս ներդրողներուն համար, եւ պէտք է յաջողակ պատմութիւնները դառնան նաեւ խթանող գործօն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման, նշուեցաւ, որ վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի գործէ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ, որն աւելի շատ համակարգման գործառոյթ պիտի ունենայ միւս 12 նախարարութիւններու` սփիւռքի գիծով աշխատանքներուն: